Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Վերջապէս մենք սկսանք զգալ ձմրան ներկայութիւնը. քաղաքին մէջ անդադար կ՛անձրեւէ, իսկ լեռները սկսաւ ձիւնով ծածկուիլ: Սակայն, երբ ջերմաստիճանը զերոյի մօտ աստիճաններու հասնի, ճամբաները սառոյցով կը ծածկուին, եւ քշելը շատ վտանգաւոր կը դառնայ: Ճամբաները ապահով դարձնելու համար, գետինը աղ կը սրսկուի:
* * *
Սակայն ինչո՞ւ աղ: Աղը կարելիութիւնը կու տայ պայքարելու ձիւնին եւ անձրեւէն գոյացած սառած խաւին դէմ: Անոր շնորհիւ է, որ ճամբաները ինքնաշարժներուն համար մեծ չմշկումի դաշտի մը չեն վերածուիր:
Այս երեւոյթը կը բացատրուի ջուրին լուծուելու յատկութեամբ: Այսինքն այն ջերմաստիճանին, որմէ սկսեալ ջուրը կ՛անցնի իր հեղուկ վիճակէն հաստատուն վիճակի: Այս կերպարանափոխումը տեղի կ՛ունենայ 0 սելսիուս աստիճանին: Այս ջերմաստիճանին է, որ ջուրը սառի կը վերածուի: Սակայն այս 0 աստիճանը կը կիրարկուի ջինջ ջուրի պարագային, ջուր մը, որ ուրիշ ոչինչ կը պարունակէ:
Այս հանգրուանին է, որ կը միջամտէ սոտիոմ քլորայտը, այսինքն ճամբաները սրսկուած պարզ աղը: Ասիկա նոյն աղն է, որ մենք կը գտնենք մեր ճաշի սեղաններուն վրայ: Երբ մենք կը խառնենք աղը ջուրին հետ, աղը կազմող երկու բաղադրիչները` սոտիոմը եւ քլորայտը, իրարմէ կը բաժնուին: Ասիկա փոփոխութեան կ՛ենթարկէ ջուրին յատկութիւնները: Աղը պիտի իջեցնէ ջուրին ձուլումի ջերմաստիճանը: Իբրեւ արդիւնք, ան պիտի սառի 0-էն աւելի ցած աստիճաններու` ճամբաներուն վրայի սառոյցը հաստատուն վիճակէն դարձեալ հեղուկ վիճակի վերածելով:
* * *
Որքան աղ աւելցնենք, այնքան լուծուելու աստիճանը 0-էն աւելի վար պիտի իջնէ: Ինչպէս ծովուն մէջ է ջուրին վիճակը, 3 առ հարիւր աղով ջուրը կը սառի մօտաւորապէս -1,8 սելսիուս աստիճանին: 20 առ հարիւր աղով ան կը սառի -16,2 սելսիուս աստիճանին:
Սակայն անշուշտ սահմաններ գոյութիւն ունին: Ջուրին մէջ 23 առ հարիւրէն աւելի աղ աւելցնելը բանի չի ծառայեր: Այս տոկոսէն սկսեալ աւելցուած աղի բիւրեղները հաստատուն կը մնան առանց իջեցնելու ջուրին ձուլումի ջերմաստիճանը: Այս ձեւով, եթէ օդը -21 սելսիուս աստիճանէն աւելի ցած է, մենք որքան ալ աւելցնենք, սառը պիտի չհալի: Այս քիմիական գործողութիւններն ալ ունին իրենց սահմանները…
Գոյութիւն ունին կարգ մը ուրիշ միջոցներ, ինչպէս քալսիոմ քլորայտ կամ նոյնիսկ աւազ սրսկել ճամբաներու վրայ, սակայն ասոնք կրնան վատ հետեւանքներ ունենալ կենսոլորտին վրայ:
Սկովտիոյ Մէջ Աւելի Քան 400 Բառեր`
Ձիւնը Նշելու Համար
Ըստ Կլասկոյի համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, Սկովտիոյ մէջ գործածուած 2 տեղական լեզուներէն սքոց լեզուին մէջ գոյութիւն ունին 421 բառեր` ձիւնը նշելու համար: Մինչ հիւսիսային բեւեռներու շրջանին մէջ ապրող ինուիթ ժողովուրդը ունին միայն 50 բառեր…
Այս ձեւով, օրինակի համար, սնիզը կը նշանակէ` երբ կը սկսի ձիւնել, ֆոըշթըր` երբ մեղմօրէն կը ձիւնէ, ֆլոշթին` երբ փաթիլներ կ՛իջնեն, ֆիիֆըլ` օդին մէջ պտըտելով, սփիթթըրզ` ձիւնի մանր կաթիլներ, սնաու-փաութըր` բարակ ձիւն, ունպրաք` հալած ձիւն, ֆլինքտրինքին` թեթեւ ձիւն, սքիֆֆ` շատ թեթեւ ձիւն…
Սքոց լեզուն կը նկատուի անգլերէնի բարբառ մը, սակայն ան ճանչցուած է իբրեւ տեղական լեզու եւ կը գործածուի մօտաւորապէս 1,5 միլիոն անձերու կողմէ, յատկապէս Սկովտիոյ եւ Իրլանտայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Արեւուն Ամէնէն Մօտ Մոլորակը
Ամէնէն Տաքը Չէ
Փայլածուն արեւուն ամէնէն մօտ մոլորակն է. ան կը գտնուի մօտաւորապէս երկրագունդէն արեւուն միջեւ տարածքի կիսուն: Հոն կը տիրէ «միայն» 427 աստիճան տաքութիւն, որ կրնայ հալեցնել անագն ու կապարը: Սակայն այս տաքութիւնը աւելի ցած է, քան Արուսեակին վրայ տիրող տաքութիւնը, որ 468 աստիճան է, հակառակ անոր որ Արուսեակ մոլորակը կը գտնուի արեւէն 48 միլիոն քմ աւելի հեռու, քան փայլածուն:
Փայլածուն չունի մթնոլորտ մը, որ անոր կ՛օգնէ արեւուն տաքութիւնը պահելու: Մինչ Արուսեակը շատ հաստ մթնոլորտի խաւով մը շրջապատուած է` 100 անգամ աւելի, քան երկրագունդի մթնոլորտը, եւ որ կ՛օգնէ տաքութիւնը պահելու:
Մայաները Եւ Ազթէքները Առաջին Տաք
Տուրմ Պատրաստող Ժողովուրդներն Էին
Անոնք տաք տուրմը կը գործածէին կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, ինչպէս ամուսնութիւնները կամ տարեդարձի տօնակատարութիւնները: Անոնք այս խմիչքը կը պատրաստէին ճզմուած քաքաոյի հատիկներու խմորով մը, որուն կը խառնէին ջուր, եգիպտացորենի կորկոտ, համեմներու տեսակներ եւ ուրիշ տարբեր նիւթեր: Այս տաք տուրմը համեմոտ եւ լեղի էր, շատ տարբեր մեզի ծանօթ այսօրուան քաղցր տաք տուրմի խմիչքէն:
Արեւմտեան աշխարհի առաջին արձանագրուած հանդիպումը եղած է 1502 թուականին, Քրիստափոր Քոլոմպոսի չորրորդ ճամբորդութեան ընթացքին:
59 Միլիոն Տարիներ Առաջ Հսկայ Թեւատներ
Կ՛ապրէին Նիւ Զելանտայի Մէջ
Վերջերս Նիւ Զելանտայի մէջ հիւսիսի կղզիին արեւելեան Քանթըրպըրի շրջանին մէջ գտնուած են Փալէօսէնի շրջանէն, 66-56 միլիոն տարիներ առաջ, շատ մեծ թեւատի մը մնացորդները: Անոր հասակը կը հասնէր մօտաւորապէս 2 մեթրի, եւ ան շատ աւելի մեծ էր, քան մեզի ծանօթ ամէնէն մեծ թեւատները: Անոնց այս բարձր հասակը յառաջացած է ժամանակի ընթացքին, երբ այս թռչունները դարձած են թռչելու անկարող եւ սուզուող անասուններ:
Նիւ Զելանտայի մէջ գտնուած են այդ ժամանակաշրջանէն բազմաթիւ բրածոներ, որոնք մեզի մեծ տեղեկութիւններ կը հայթայթեն թեւատներու բարեշրջումին մասին:
Խոհագիր
Համով Տաք Տուրմ
Մը Պատրաստելու Համար
Այս պաղ օդերուն համով տաք տուրմի խմիչքը տաք եւ ուրախ մնալու ամէնէն լաւ միջոցներէն մէկն է:
Պէտք ունիս100 կրամ տուրմ (սեւ, կաթով, քարամելով` ըստ քու ճաշակիդ), 50 սանթիլիթր կաթ, 10 սանթիլիթր ջուր, առաւել` մարշմէլօ, քաքաոյի փոշի, քրէմ:
Պատրաստութիւն
1.- Տուրմը կտորներու կտրէ:
2.- Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ դիր տուրմը եւ ջուրը:
3.- Մեղմ կրակի վրայ հալեցուր տուրմը` փայտէ դգալով մը խառնելով, մինչեւ ստանաս սահուն խառնուրդ մը:
4.- Միշտ խառնելով, աւելցուր կաթը եւ շարունակէ խառնել մինչեւ սկսի եռալ:
5.- Կրակին վրայէն հանելէ ետք, գործիքով զարկ տաք տուրմը:
6.- Տաք տուրմը գաւաթներուն մէջ պարպէ:
7.- Անոր վրայ կրնաս դնել մարշմէլոյի կտորներ եւ վրան քաքաոյի փոշի սրսկել:
8.- Կրնաս նաեւ վրան դնել քրէմ շանթիյի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած հետեւեալ առարկաները.
– 5 ստեպղիններ, 1 խնձոր, 2 շաքարէ գաւազանիկներ, 1 կոլֆի գաւազան,
2 ծխամորճեր, 2 պէյզպոլի գնդակ, 1 աւել, 1 պանան, 1 ծծելիք շաքար:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգերը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր թիւ
հաւասար է անոր տակը գտնուող 2 թիւերուն գումարումին:




