Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ձմեռ է. ծառերը արդէն իրենց տերեւները կորսնցուցած են, կարգ մը անասուններ ձմեռնային քունի մէջ մտած են, երբեմն կարկուտ կը տեղայ, եւ երբեմն նոյնիսկ կը ձիւնէ… Ձմեռը օդը ցուրտ է:
Սակայն ինչո՞ւ ձմրան ջերմաստիճանը աւելի ցած կ՛ըլլայ, եւ աւելի կը ծառայէ ցուրտը:
Եղանակները գոյութիւն ունին արեւուն շուրջ դառնալու ընթացքին երկրագունդին շեղակի դիրքին պատճառով:
Ձմրան արեւուն ճառագայթները կը տաքցնեն շատ աւելի մեծ տարածք մը, քան` ամրան: Տաքութիւնը նուազ կեդրոնացած կ՛ըլլայ, հետեւաբար օդը աւելի ցուրտ կ՛ընէ: Մեր երկրագունդին հարաւային կիսագունդին մէջ ձմեռը կը զուգադիպի յունիսէն սեպտեմբեր ամիսներուն: Հիւսիսային կիսագունդէն, ուր մենք կը գտնուինք, ձմեռը կը սկսի դեկտեմբերին եւ կ՛աւարտի մարտ ամսուն: Այս ամիսներուն կը տիրապետեն սառած անձրեւը, քերուըտուք պատճառող բուրդերը եւ ժահրերը:
– Սակայն ինչի՞ կը ծառայէ ցուրտը:
Անասուններուն համար անիկա իսկական նշան մըն է: Օրինակի համար, արջամուկերը կամ ոզնիները կ՛օգտուին այդ օդէն ձմեռնային քունի մէջ մտնելու համար: Բոյսերն ալ կը հանգչին գարնան պատրաստուելու համար: Ձմրան անոնք նուազ յարձակումներու կ՛ենթարկուին միջատներուն եւ մակաբոյծներուն կողմէ եւ կրնան հանդարտօրէն իրենց ուժերը վերականգնել: Շատ ցուրտ օդին ձիւնը նոյնիսկ կը պաշտպանէ բոյսերուն` մեկուսացնող խաւ մը կազմելով. դժբախտաբար, կլիմայի փոփոխութիւններուն պատճառով նուազ ձիւնը կը տեղայ: Մեզի ծանօթ ձմեռները նուազ ցուրտ են եւ աւելի կարճ, քան` մեր մեծ հայրերուն ապրած ձմեռները:
Սակայն եղանակներուն փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է: Անոնք բոյսերուն եւ անասուններու աշխարհին կարելիութիւնը կու տան աճելու` ըստ իրենց բնական շրջանին: Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ ցուրտը շատ չես սիրեր, համբերէ… Տաքութիւնը եւ ծաղիկները գարնան դարձեալ պիտի վերադառնան:
Նոր Տարին Լաւ Սկսելու Համար
Գիտէի՞ր, թէ Էսթոնիոյ մէջ գոյութիւն ունի Նոր տարուան խոհարարական իւրայատուկ սովորութիւն մը: Նոր տարուան առաջին օրուան ընթացքին էսթոնիացիները պէտք է մէկ ճաշի փոխարէն… եօթը ճաշ ուտեն, որպէսզի եկող տարին ուտելիքով ճոխ ըլլայ: Մինչ իտալացիները սովորութիւն ունին ուտելու քոթեչինօ է լէնթիչի, որ սկզբունքով երջանկութիւն բերող, նրբերշիկով եւ ոսպով պատրաստուած աւանդական ճաշ մըն է: Նորվեկիացիները միասին կ՛ուտեն կաթով եւ բրինձով կարկանդակ մը, որուն մէջ կը պահուի նուշի հատիկ մը: Այն անձը, որ կը գտնէ նուշը, վստահ կ՛ըլլայ, որ բարգաւաճ տարի մը պիտի ունենայ:
Իսկ հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն Փերուի մէջ այն անձը, որ կ՛ուզէ տարուան ընթացքին ճամբորդել, պէտք է թաղամասին շուրջ վազէ կէս գիշերուան 12 զարկերուն ընթացքին` մէկ ձեռքին մէջ պայուսակ մը, իսկ միւս ձեռքին մէջ դրամ: Եւ վերջապէս, Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ մարդիկ անցած տարուան բոլոր օրացոյցները եւ օրագիրը կը պատռեն եւ կը սփռեն փողոցներուն մէջ: Մանուկները ասիկա կ՛անուանեն «Լա եուպիյա տէ փափելիթոս»` թուղթերու անձրեւը:
Բարեկենդանը Կը Մօտենայ…
Ճիշդ է, որ մենք տակաւին յունուար ամիսն ենք, ճիշդ է, որ նաեւ Բարեկենդանը 11 փետրուարին կը զուգադիպի այս տարի, սակայն Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը իր նշանաւոր Բարեկենդանի տօնակատարութիւնները պիտի սկսի արդէն 27 յունուարին, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 13 փետրուար:
Այս տարի Վենետիկի Բարեկենդանը ուզած է յարգել իր ամէնէն նշանաւոր ճամբորդը` Մարքօ Փոլոն, անոր մահուան 700-ամեակին առիթով, «Դէպի Արեւելք, Մարքօ Փոլոյի անհաւատալի ճամբորդութիւնը» վերնագրին տակ:
Աւելի քան 2 շաբթուան ընթացքին, քաղաքը պիտի վերապրի Միջնադարու շքեղ ժամանակներու մթնոլորտին մէջ. այդ ժամանակաշրջանին Վենետիկ հզօր եւ շատ հարուստ քաղաք մըն էր, ուր կ՛ապրէին բազմաթիւ առեւտրականներ:
Մարքօ Փոլօ ծանօթ է դէպի Ասիա կատարած իր ճամբորդութիւններով: Սակայն անոր արկածախնդրութիւնները միայն Վենետիկի մէջ չեն պատմուած, այլ տարածուած են ամբողջ Եւրոպայի մէջ` ներշնչելով ուրիշ հետախոյզներ, ինչպէս` Վասքօ տը Կամա, Քրիստափոր Քոլոմպոս…
Խոհագիր
«Ճաքեթ Փոթէյթօ»
Գիտէի՞ր, թէ փուռին մէջ եփուած այս գետնախնձորները Անգլիոյ մէջ կը կոչուին «Ճաքեթ փոթէյթօ» (վերարկուով գետնախնձոր), իսկ Ֆրանսայի մէջ` «Ռոպ տը շամպր»-ով գետնախնձոր (ներսի զգեստ): Արդեօ՞ք գետնախնձորներն ալ բաճկոնի պէտք կ՛ունենան, երբ օդը կը ցրտէ…
– Բաղադրութիւն
4 մեծ գետնախնձորներ, 20 կրամ կարագ, քերթուած պանիր:
– Պատրաստութիւն
1.- Գետնախնձորները շատ լաւ լուա եւ ապա չորցուր:
2.- Գետնախնձորները ափսէի մը վրայ դիր եւ զանոնք փուռին մէջ եփէ մէկ ժամ, 200 աստիճան տաքութեամբ:
3.- Գետնախնձորները փուռէն հանէ: Անոնց մէջտեղէն երկայնքին դանակով ճեղք մը բաց:
4.- Այդ ճեղքին մէջ քիչ մը կարագ եւ պանիր դիր: Եւ ապա գետնախնձորները դարձեալ փուռին մէջ եփէ մօտաւորապէս 10 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի:
Բարի՛ ախորժակ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել տուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 14 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տեղը տախտակին մէջ:





