Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ծառերը անհրաժեշտ են բնութեան հաւասարակշռութեան համար. առանց անոնց` մենք չենք կրնար ապրիլ: Մարդոց գործունէութենէն, ինչպէս` անտառներուն փճացումը, զանոնք պահպանելու համար նոյնիսկ գոյութիւն ունի ծառերու միջազգային օր մը, որ 21 մարտն է:
* * *
– Ինչո՞ւ մենք ծառերուն պէտք ունինք շնչելու համար:
Երբ մենք կը շնչենք (եւ ապա օդը կ՛արտաշնչենք), մենք կը զգանք, որ օդը կը մտնէ մեր թոքերուն մէջ: Ան թթուածինով հարուստ է: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այդ թթուածինը: Արդեօ՞ք Ամազոնի անտառէն, որ ճանչցուած է իբրեւ «երկրագունդին թոքը»… Ո՛չ: Այն թթուածինը, որուն մենք պէտք ունինք ապրելու համար, «կը շինուի»… ովկիանոսներուն կողմէ: Ճիշդ է, որ ծառերը թթուածին «կը շինեն», սակայն անոնք գրեթէ ամբողջ այդ թթուածինը կը գործածեն շնչելու, «ուտելու» համար…
– Ուրեմն կարելի՞ է ծառերէն հրաժարիլ:
Ընդհակառա՛կը, մենք անոնց պէտք ունինք, որովհետեւ ծառը կը նմանի սուփըր հերոսի մը, որուն գաղտնի ուժը անոր տերեւներն են, արմատները… Իսկ անոր ամէնէն մեծ ուժը եւ կարողութիւնը ֆոթոսէնթեսիսն է: Ասիկա քիմիական հոլովոյթ մըն է, որ ծառին կարողութիւնը կու տայ բնածխական կազը թթուածինի վերածելու: Մարդոց գործունէութիւններուն պատճառով արտադրուած բնածխական կազը (CO2) երկրագունդին ընդհանուր կլիմային տաքնալուն ամէնէն մեծ պատասխանատուներէն մէկն է: Ֆոթոսէնթեսիսին շնորհիւ ծառերը թակարդի մէջ կ՛առնեն բնածխական կազը: Այս ձեւով անտառները ամէն տարի մօտաւորապէս 1.9 միլիառ թոն բնածխական կազ կը ծծեն:
Ծառերը կ՛որսան նաեւ շէնքերուն տաքութեան, մեքենաներու եւ փոխադրակառքերու արձակած օդը ապականող մանր մասնիկները: Հետեւաբար ծառերուն շնորհիւ օդը նուազ ապականած է, եւ մոլորակը` պահպանուած:
Ճիշդ է, որ մենք պիտի կարենանք տակաւին շնչել, եթէ ծառերը անհետանային, սակայն առանց անոնց` կեանքը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար:
Ովկիանոսներն Ալ Պէտք Է Պահպանել
Ովկիանոսները միայն ամառը լողալու համար օգտակար չեն, այլ անոնք մեր կեանքին համար անհրաժեշտ են: Ճիշդ է, որ անոնք ուտելիքի շատ կարեւոր աղբիւր մըն են, սակայն գիտէի՞ր, թէ անոնք կ՛արտադրեն մեր շնչած թթուածինին մեծ մասը: Դժբախտաբար ապականումին եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառով անոնց հաւասարակշռութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի:
* * *
Մեր երկրագունդին կէսէն աւելին ովկիանոսներով ծածկուած է: Ատլանտեան ովկիանոսը, Խաղաղական ովկիանոսը, Հնդկաց ովկիանոսը, Անթարքթիք ովիանոսը… Աւելի ճիշդ է ըսել` համաշխարհային ովկիանոս, որովհետեւ բոլոր ովկիանոսները իրարու միացած են շնորհիւ աշխարհի շուրջ դարձող ծովային հոսանքներուն:
Սակայն որո՞նք են ովկիանոսներուն սպառնացող վտանգները: Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ ովկիանոսները բնական հարստութիւններու մեծ աղբիւր մըն են: Ձուկերու կողքին, ովկիանոսներուն մէջ կայ նաեւ քարիւղ: Կարգ մը հաստատութիւններ շատ մեծ քանակով կ՛օգտագործեն այս աղբիւրները` շատ մեծ քանակով ձուկեր որսալով, կամ ջուրերը շատ կ՛ապականին քարիւղ հանելու աշխատանքներուն ընթացքին: Ասոր կողքին, ապրանքներու փոխադրութիւնը աշխարհի շուրջ գլխաւորաբար նաւերով կը կատարուի` շատ աւելի ապականելով ովկիանոսներուն միջավայրը: Եւ վերջապէս, կլիմայի փոփոխութիւնները աւելի մեծ վտանգի կ՛ենթարկեն ովկիանոսներուն հաւասարակշռութիւնը` վտանգի ենթարկելով նաեւ հոն ապրող անասունները:
Սակայն ովկիանոսները կենսական չեն միայն ծովային անասուններուն համար, այլ նաեւ կենսական են ամբողջ բնութեան համար: Ովկիանոսները կ՛արտադրեն մեր մոլորակին թթուածինին կէսը: Ովկիանոսներուն մակերեսին կ՛ապրին շատ մանր ջրախոտեր, որոնք «կ՛որսան» բնածխական կազը եւ թթուածին կ՛արձակեն: Ապականումը եւ կլիմային տաքնալը կը խանգարեն այս ջրախոտերուն, որոնք նուազ բնածխական կազ կրնան ծծել: Իսկ ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ կլիման աւելի տաքնայ… Այս ջրախոտերը գլխաւոր սնունդն են նաեւ փոքր ձուկերուն, որոնք իրենց կարգին կ՛ուտուին աւելի մեծ ձուկերու կողմէ: Հետեւաբար եթէ այլեւս այդ ջրախոտերը գոյութիւն չունենան, ձուկերն ալ կը դադրին գոյութիւն ունենալէ:
Ամէն ինչ իրարու կապուած է, ինչպէս որ ովկիանոսները իրարու կապուած են, ինչպէս որ երկրագունդին վրայ մեր կեանքը կապուած է ովկիանոսներուն առողջութեան հետ:
Շիշի Մը Պտոյտը Եւրոպայի
Ծովերէն Մէկուն Մէջ
5 տարեկան Հարի եւ անոր քոյրը` 12 տարեկան Կրէյս, կ՛ապրին Անգլիոյ Սանտըրլենտ շրջանին մէջ: 28 օգոստոս 2023¬ին անոնցմէ իւրաքանչիւրը ապակիէ շիշ մը կը նետէ ծովուն մէջ` տեսնելու համար, թէ ան մինչեւ ո՛ւր կրնայ երթալ: Իրենց շիշերուն մէջ անոնք դրած էին ձեռագիր նամակ մը, ուր անոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնէին եւ գրած էին իրենց մօր ե-նամակի հասցէն:
Վեց ամիս ետք, մարտ 6-ին, Հարիին շիշը կը գտնուի Ֆրետերիքի կողմէ, Դանիոյ Ռոմօ շրջանին մէջ: Ֆրետերիք անմիջապէս կը գրէ պատանիներուն մօր: Այս լուրը մեծ զարմանք եւ ուրախութիւն կը պատճառէ Հարիի, որուն շիշը 600 քմ կտրած է Հիւսիսային ծովուն մէջ:
* * *
– Գիտէի՞ր, թէ Հիւսիսային ծովը կը գտնուի Անգլիոյ եւ սկանտինաւիական երկիրներու (Նորվեկիա եւ Դանիա) միջեւ: Ան պաղ ծով մըն է, որ կը տարածուի 570 հազար քառակուսի քիլոմեթրի վրայ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել թռուցիկին թելը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել վարի տուփիկին համապատասխանող նշանը