Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գարնան եղանակին հետ կը վերադառնան նաեւ յատկապէս բեղմնափոշիին հետ կապուած գերզգայնութիւնները (ալերժի): Սակայն ի՞նչ է գերզգայնութիւնը, ինչպէ՞ս մենք կրնանք այդ գերզգայնութիւնը ունենալ, արդեօ՞ք գերզգայնութիւնները կը դարմանուին…
* * *
Երբեմն երբ դուն կը փռնգտաս, քիթդ կը վազէ, աչքերդ կը նեղանան, կը քերուիս… Ասիկա կրնայ գերզգայնութեան հակազդեցութիւն մը ըլլալ: Ամէնէն հասարակ գերզգայնութիւնները կը յառաջանան տիզերէն, ծաղիկներու բեղմնափոշիէն եւ ծառերէն:
Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ գերզգայնութիւնները, ինչպէս, օրինակի համար, անասուններու մազերուն, մգլոտած տարրերու, կարգ մը ուտելիքներու…
Երբ մենք գերզգայնութիւն կ՛ունենանք, մեր մարմինը կը հակազդէ կարգ մը անվնաս տարրեր` ինչպէս` հաւկիթները կամ բեղմնափոշին, վտանգաւոր համարելով: Այդ վայրկեանին մեր մարմնին պաշտպանողական դրութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ: Փռնգտոցները կամ արցունքները այս պարագային կը ծառայեն նաեւ բեղմնափոշին մեր մարմինէն դուրս հանելու:
* * *
Սակայն ինչո՞ւ մենք գերզգայնութենէ կրնանք տառապիլ: Ժառանգականութիւնը մեծ դեր կը խաղայ գերզգայնութեան պարագային: Աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ, երբ ծնողքէն մէկը կամ երկուքը գերզգայնութենէ կը տառապին: Ճարտարարուեստական տնտեսութիւն ունեցող երկիրներու մէջ չորս անձէ մէկը գերզգայնութենէ կը տառապի: Եւ այս թիւը կը բարձրանայ վերջին 30 տարիներուն:
Այս երեւոյթը բազմաթիւ պատճառներ ունի: Կլիմայի փոփոխութիւնը կ՛երկարէ բեղմնափոշիի եղանակին տեւողութիւնը, հետեւաբար նաեւ` գերզգայնութիւն յառաջացնելու վտանգները: Նստակեաց կեանքի մեր պայմաններուն պատճառով մենք աւելի երկար ժամանակ կը գտնուինք տան մէջ, ուր գոյութիւն ունին մանր միջատներ եւ կենդանի մարմիններ, ինչպէս` տիզերը…
Սակայն մտահոգուելու հարկ չկայ: Գերզգայնութիւններուն մեծ մասը կը դարմանուի, եւ մասնագէտ բժիշկը դարման ունի անոնց համար:
Մարդկային Մարմնին Բջիջները
Գիտէի՞ր, թէ մեր մարմնին բջիջները անդադար վերանորոգման մէջ են: Անոնք կեանքի տարբեր տեւողութիւններ ունին: Մեր մարմինը ունի մօտաւորապէս 100 հազար միլիառ բջիջներ, եւ այս բջիջներէն մօտաւորապէս 20 միլիառը ամէն օր կը մեռնի եւ կը վերանորոգուի:
Օրինակի համար, մեր լեզուին վրայի համի բջիջները կը վերանորոգուին ամէն 10 օրը անգամ մը, մինչ մորթի բջիջ մը ունի 3-4 շաբթուան կեանք: Արեան կարմիր գնդիկը կ՛ապրի մօտաւորապէս 120 օր: Թոքի կամ լեարդի բջիջը կ՛ապրի 400-500 օր:
Աւելի դանդաղօրէն վերանորոգուող բջիջները ստամոքսի ներքնապատերու եւ կողի մկաններուն բջիջներն են. անոնք կրնան մինչեւ 15 տարի ապրիլ:
Այս պարբերութիւնը կարդացած ժամանակ մարմնէդ 50 հազար բջիջներ վերանորոգուեցան…
Ո՞ր Տարիքէն Մեր Առաջին
Յիշատակները Կ՛արձանագրուին
Մարդոց մեծամասնութեան համար անոնց առաջին յիշատակները կ՛արձանագրուին մօտաւորապէս 3 տարեկանին շուրջ: Անկէ առաջ ուղեղը տակաւին բաւականաչափ աճած չէ երկար ժամանակի վրայ յիշատակներ արձանագրելու համար:
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մանուկ մը յիշողութիւն չունի: Օրինակի համար, ան կը յիշէ` իր ծնողներուն դէմքերը, ուտելիքի ժամերը, քալելու ձեւը, խօսելու եւ նոյնիսկ կարգ մը առարկաներու ձեւը:
Ինչո՞ւ Մեր Դէմքը «Կը Ճերմկի», Երբ
Կը Վախնանք Կամ Անհանգիստ Կը Զգանք
Երբ մենք հիւանդ կ՛ըլլանք, կամ կը վախնանք, նոյնիսկ երբ սթրես կը զգանք, մարմինը արիւնը գլխաւորաբար կը ղրկէ դէպի ուղեղ կամ երիկամներ: Իբրեւ հետեւանք` նուազ արիւն կը շրջի մորթին մէջ:
Աւելի բաց գոյնով մորթ ունեցողներուն մօտ արիւնն է, որ անոնց կու տայ բաց վարդագոյն երանգը: Եթէ արիւնը նուազ շրջի, մորթը աւելի ճերմակ կ՛երեւի: Իսկ աւելի մութ գոյնով մորթ ունեցող անձերուն մօտ մորթը շատ աւելի մելանին կը պարունակէ. այս նիւթն է, որ մորթին կու տայ այդ մութ գոյնը: Հետեւաբար այս անձերուն մօտ շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ նշմարել, երբ անոնք կը «ճերմկին»:
Ինչո՞ւ Ընդհանրապէս Շարունակաբար
2 Անգամ Կը Փռնգտանք
Երբ փոշի մը գրգիռ կը յառաջացնէ մեր քիթին մէջ, կամ քիթին մէջ խլինք կը հաւաքուի… մեր ուղեղը կը յառաջացնէ փռնգտոց մը… որուն յաճախ կը հետեւի երկրորդ փռնգտոց մը:
Այս անդրադարձ շարժումը կը ծառայէ փոշիները եւ մանրէները քիթէն դուրս արձակելու: Յաճախ այդ փոշիէն ձերբազատիլը դժուար կ՛ըլլայ, իսկ երբեմն ան շատ խորը, օրինակի համար, սինիւսներուն մէջ մխրճուած կ՛ըլլայ: Այդ պարագային պէտք է երկրորդ անգամ մըն ալ փռնգտալ, որպէսզի մեր քիթը լաւ մաքրուի:
Ինչո՞ւ Մեր Ստամոքսը Ձայներ
Կը Հանէ, Երբ Անօթենանք
Անօթութիւնը չէ, որ այդ ձայները կը յառաջացնէ: Մենք այս այդպէս կ՛ենթադրենք, որովհետեւ այս երկու երեւոյթները յաճախ նոյն ատեն կը պատահին:
Այս ձայները կ՛արտադրուին յատկապէս աղիքներուն եւ երբեմն ալ ստամոքսին մէջ. այս երկու գործարաններն են, որոնք անդադար կծկուելով կարելիութիւնը կու տան, որ ուտելիքները յառաջանան մեր մարմնին մէջ:
Արդ, մեր վերջին ճաշէն քանի մը ժամ ետք մարսողական խողովակին մէջ նուազ ուտելիք կը մնայ, եւ այդ կծկումները յատկապէս օդ կը շարժեն: Այս օդին շարժումն է, որ այդ փոքրիկ ձայները կը յառաջացնէ, եւ ասիկա յաճախ կը պատահի, երբ մենք կ՛անօթենանք:
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Մենք
Ֆլաշին Նման Արագ Վազէինք
Ֆլաշը սուփըր հերոս մըն է, որ կրնայ վազել լոյսի արագութեամբ, այսինքն` մէկ երկվայրկեանին մէջ 300 հալար քմ: Այս արագութեան պարագային, օդին հետ շփումը այնքան զօրաւոր է, որ ան շատ բարձր տաքութիւն կը յառաջացնէ: Իբրեւ հետեւանք` մենք կրնանք այրել…
Ամէն պարագայի, այդ արագացումին ազդեցութեան տակ մեր ուղեղը արդէն ճզմուած կ՛ըլլայ մեր գանկին մէջ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը: