Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր ուղեղը մեզի կը ծառայէ` շարժելու, խօսելու, մտածելու… եւ ուրիշ շատ բաներու: Առանց ուղեղի` մենք չենք կրնար ապրիլ: Սակայն ան ինչպէ՞ս կը բանի: Եւ արդեօ՞ք բոլոր անասուններն ալ ուղեղ ունի՞ն, թէ՞ միայն մարդ արարածը:
Ուղեղը էական է: Առանց անոր` մենք չենք կրնար ապրիլ: Եւ որովհետեւ ան շատ դիւրաբեկ է, ան լաւ պաշտպանուած պէտք է մնայ գանկի իր «տուփին» մէջ: Ան մարմնին մնացած բաժիններուն կապուած է ջիղերուն միջոցով. երկար թելերու նման ջիղերն են, որոնք կարելիութիւնը կու տան տեղեկութիւններուն` հասնելու մինչեւ ուղեղ:
Մեր ուղեղը կը ստանայ եւ կը վերլուծէ այս տեղեկութիւնները, որոնք կու գան մեր գործարաններէն, ինչպէս` աչքերէն, մորթէն, քիթէն, ականջներէն… Ապա ան որոշումներ կու տայ եւ մարմինին կը հրահանգէ շարժումներ կատարել. ան է մեր պետը: Մեր ուղեղը նոյնիսկ կ՛աշխատցնէ կարգ մը գործարաններ` առանց մեր մտածելուն. այս ձեւով է, որ ան մեր սիրտը կ՛աշխատցնէ, թոքերուն շնչել կու տայ…
* * *
Իսկ անասուննե՞րը, անո՞նք ալ ուղեղ ունին: Ասիկա կախեալ է անասունէն: Կարգ մը անասուններ, ինչպէս` ծովամայրերը եւ ծովաստղերը, ուղեղ չունին: Անոր փոխարէն` անոնք ունին յատուկ բջիջներ, որոնք անոնց մարմինին մէջ սփռուած են: Սակայն, անշուշտ, անասուններուն մեծ մասը ունի գլուխ մը, որ ուղեղը կը պարունակէ… մեզի նման: Այդ ուղեղին մեծութիւնը կը տարբերի` ըստ անասուններուն: Օրինակի համար, միջատները մանր ուղեղ մը ունին…
… Մինչ ուրիշ անասուններու ուղեղը հսկայ է: Օրինակի համար, կիտաժանիին ուղեղը կը կշռէ մօտաւորապէս 9 քիլօ: Ան վեց անգամ աւելի մեծ է, քան` մեր ուղեղը: Սակայն, հակառակ անոր, որ մեր ուղեղը շատ աւելի փոքր է, ան շատ աւելի զարգացած է: Այս պատճառով է, որ մենք կրնանք` խօսիլ, մտածել, միտքերնիս պահել, երեւակայել…
Հետաքրքրական
Մայիսեան Խնդուքի
Միջազգային Օր
Գիտէի՞ր, թէ մայիս ամսուան առաջին կիրակին նշանակուած է Խնդուքի միջազգային օր: Այս տարի, այս օրը նշուեցաւ մայիս 5-ին, եւ աշխարհի չորս կողմերէն մարդիկ միասին տօնեցին Խնդուքի միջազգային օրը: Այս հաճելի տօնը ծագած է հնդիկ բժիշկ Մատան Քաթարիայի մտքին մէջ: Այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ խնդուքը հզօր գործիք մըն է մարդիկ իրարու միացնելու եւ բարելաւելու անձին ընդհանուր ֆիզիքական ու մտային առողջութիւնը:
Աշխարհը աւելի առողջ եւ ուրախ վայրի մը վերածելու Քաթարիայի այս փնտռտուքը սկսաւ Մումպայի մէջ, Հնդկաստան, 1995-ին երբ ան իր դարմանումներուն մէջ ներառեց խնդուքի եոկան: Այս իւրայատուկ դարմանումին մէջ իրարու կ՛ընկերակցին խնդուքը եւ շնչառութեան վարժութիւններ` ուրախ եւ հանդարտեցնող վիճակ մը յառաջացնելու համար: Քաթարիայի դասաւանդումներու առաջին պահուն միայն հինգ անձեր ներկայ էին: Բայց շատ շուտ ան տարածուեցաւ եւ աշխարհին շուրջ խնդուքի եոկայի դասեր սկսան յայտնուիլ: Այժմ աշխարհի շուրջ 120 տարբեր երկիրներու մէջ աւելի քան 20 հազար խնդուքի եոկայի կեդրոններ գոյութիւն ունին: Անոնց անդամները գրեթէ օրական կը հաւաքուին եւ «մարզանք» կ՛ընեն` բարձր ձայնով խնդալով, ձեռքերը շարժելով եւ իրարու ծամածռութիւններ ընելով:
Այս ձեւով է, որ 1998-ին խնդուքի կարեւորութեան մասին մարդիկը լուսաբանելու համար Քաթարիա յայտարարեց մայիս ամսու առաջին կիրակին «Խնդուքի միջազգային օր»: Այս օրը առիթ պիտի ստեղծէ բարեկամներու եւ օտարներու` հաւաքուելու հանրային վայրերու մէջ միասին խնդալու: Կարգ մը շրջաններ կը կազմակերպեն նոյնիսկ «Ամէնէն լաւ խնդուքի» ձեռնարկներ…
Չինաստանի Մէջ
Թռուցիկներու Մեծ Տօնը
Թռուցիկին պատմութիւնը երկար ժամանակներէ ի վեր կապուած է Չինաստանի պատմութեան հետ: Մենք չենք գիտեր, թէ ճիշդ ե՛րբ թռուցիկը հնարուած է, սակայն կ՛ենթադրուի, որ անիկա այդ երկրին մէջ յայտնուած է մօտաւորապէս 3000 տարիներէ ի վեր:
Թռուցիկը կը գործածուէր զինուորականներու կողմէ` իրենց զինուորներուն լուրեր ղրկելու համար: Չիները կը մտածէին նաեւ, որ անիկա միջոց մըն է ոգիներուն հետ կապի մէջ մտնելու:
Սկիզբի շրջաններուն թռուցիկները թռչունի կամ վիշապի ձեւ ունէին: Անոնք շինուած էին պամպու եղեգէ եւ մետաքսէ կամ թուղթէ: Այժմ թռուցիկներուն մեծ մասը արհեստական (ոչ բնական) նիւթերով պատրաստուած է:
* * *
Ամէն տարի, ապրիլ ամսուն Չինաստանի արեւելքը Ուէյֆանկ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ թռուցիկներու մեծ փառատօն մը: Չինաստանի տարբեր շրջաններէ, ինչպէս նաեւ ուրիշ երկիրներէ եկած աւելի քան 1000 թռուցիկներ կը մասնակցէին այս փառատօնին: Մեծ թիւով թռուցիկներ անասուններ կը ներկայացնեն: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ տարօրինակ օրինակներ, ինչպէս, օրինակի համար, ինքնաշարժի կերպարանքով թռուցիկը:
Ուէյֆանկը ճանչցուած է նաեւ իբրեւ թռուցիկի շինութեան մեծ կեդրոն:
Իսկ գիտէի՞ր, թէ Ասիոյ մէջ գոյութիւն ունին թռուցիկի կռիւներ, որուն ընթացքին մասնակցողները կը փորձեն իրենց շուրջիններուն թռուցիկները վար առնել: