Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մինչ մենք կ՛ապրինք տակաւին շատ մեղմ ձմեռ մը` երկարաձգելով արեւուն հետ մեր ժամադրութիւնը, Չինաստանի մէջ Հարպին քաղաքը բացումը կը կատարէ իր տարեկան սառոյցի եւ ձիւնի փառատօնին:
Այս նշանաւոր փառատօնը սառոյցի եւ ձիւնի Աշխարհը ժողովուրդին առջեւ իր դռները կը բանայ դեկտեմբերի վերջաւորութեան եւ կը տեւէ 2 ամիս` վերջ գտնելու համար փետրուար 2024-ին:
Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 5 յունուար 2024-ին, սակայն ժողովուրդը 17 դեկտեմբերէն ի վեր արդէն կրնայ այցելել փառատօնը` զմայլելու համար սառոյցէ քանդակներուն եւ շինութիւններուն վրայ:
Այս հրաշալիքներու աշխարհի շինութեան համար գործածուեցան մօտակայ Սոնկհուա գետին սառած ջուրերէն սառոյցի կտորներ: Աւելի քան 250 հազար մեթր խորանարդ սառոյց եւ ձիւն գործածուեցան: Հազարաւոր գործաւորներ, մասնագէտներ եւ քանդակագործներ գիշեր ցերեկ աշխատեցան նուազ քան մէկ ամիսէն վերջացնելու համար այս սառոյցէ եւ ձիւնէ աշխարհին պատրաստութիւնը:
Այս տարուան փառատօնը իր պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ փառատօնն է, որ կը զբաղեցնէ 810 հազար քառակուսի մեթր տարածք: Դժբախտաբար այս բոլոր հրաշալիքները պիտի սկսին անհետանալ, երբ ջերմաստիճանը դարձեալ սկսի բարձրանալ եւ սառոյցը հալիլ…
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Սեղանին Վրայ
Շարունակենք մեր Կաղանդի պատրաստութիւնները եւ այսօր պիտի զբաղինք Կաղանդի սեղանը զարդարելու աշխատանքներով:
Ա) Կաղանդի ծառերու անտառ մը
Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս կանաչ, բարակ խաւաքարտերու, կարկինի մը, մկրատի մը եւ խորովածի փայտէ ցպիկներու:
1.- Կարկինով մը խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ տարբեր տրամագիծով շրջանակներ:
2.- Ցպիկին սուր ծայրէն կլորները անցուր ամէնէն մեծէն ամէնէն փոքրը: Չափահասէ մը, խնդրէ, որ ցպիկին աւելորդ բաժինը մկրատով կտրէ:
3.- Ցպիկները տարբեր երկարութեամբ կտրէ տարբեր չափի ծառեր ստանալու համար: Ցպիկին վարի ծայրը խաղալ կաւէ պզտիկ գունդի մը մէջ մխրճէ, որպէսզի կարենան ծառերդ սեղանին վրայ դնել:
Բ) Մոմակալներ
Այս փոքրիկ մոմակալները մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն Կաղանդի սեղանին վրայ: Այս աշխատանքին համար պարզապէս պէտք պիտի ունենաս պզտիկ ապակիէ անօթներու` լայն բացուածքով, մոմը մէջը կարենալ դնելու համար, եւ ապակիի յատուկ ներկ-մատիտի:
1.- Կրնաս զարդարանքները ուղղակիօրէն գծել անօթին վրայ:
2.- Իսկ եթէ կ՛ուզես աւելի մանրամասն գծագրութիւն մը, կրնաս զայն գծել թուղթէ երիզի մը վրայ, ապա երիզը դնել անօթին մէջ եւ ներկ-մատիտով ընդօրինակել պատկերը:
3.- Անօթին ծայրը կրնաս զարդարել ժապաւէն մը, կամ ուրիշ զարդարանքներ դնելով, ապա մէջը դիր փոքր շոֆ-փլա մոմ մը:
Խոհագիր
Համեմներով Հացը
Համեմներով հացը, համեմներով հացիկ է մարդը եւ համեմներով հացիկէ տունիկը Կաղանդի անխուսափելի սովորութիւններէն են: Այս անուշեղէնին խմորը կը պարունակէ տարբեր համեմներ, որոնց կարգին: Կասիա եւ մեխակ, որոնք բորբոքումի եւ մանրէներուն դէմ պայքարելու յատկութիւն ունին. ասիկա մեզի օգտակար է, յատկապէս` ձմրան ցուրտին դիմանալու համար:
Համեմներով հացիկէ մարդուն կերպարը առաջին անգամ երեւցաւ 1875-ի հեքիաթի մը մէջ: Եւ այդ թուականէն ի վեր ան դարձաւ Կաղանդի անբաժանելի սովորութիւններէն մէկը: Իսկ գիտէի՞ր, թէ իր գունաւոր փոքրիկ տուներով ֆրանսական Ալզասի շրջանին մէջ գտնուող Կերթուայլը կը համարուի համեմներով հացի մայրաքաղաքը:
* * *
Իսկ եթէ կը փափաքիս դուն ալ քու մասնակցութիւնդ բերել տան մէջ Կաղանդի մթնոլորտ ստեղծելու աշխատանքներուն, ահա համեմներով հացի շատ պարզ խոհագիր մը, որ կրնաս պատրաստել համտեսելու համար ընտանիքիդ անդամներուն կամ ընկերներուդ հետ, այս տօնական օրերուն:
Բաղադրութիւն
180 կրամ մեղր, 250 կրամ ալիւր, 100 կրամ շաքար, 1 թէյի դգալ պիքարպոնաթ տը սուտ, 100 կրամ կարագ, 150 միլլիլիթր նարինջի հիւթ, 1 թէյի դգալ համեմներով հացի յատուկ համեմներ:
Պատրաստութիւն
– Խորունկ սանի մը մէջ դանդաղօրէն հալեցուր կարագը` նարինջի հիւթին եւ մեղրին հետ:
– Խորունկ ամանի մը մէջ իրարու խառնէ ալիւրը, շաքարը, պիքարպոնաթը եւ համեմները (եթէ այս անուշեղէնին յատուկ համեմներէն չունիս, կրնաս փոշի խառնուրդին աւելցնել` քիչ մը կասիա, փոշի մեխակ, փոշի մշկընկոյզ, եւ փոշի ճինճըր.
– Այս խառնուրդին վրայ աւելցուր հալած կարագը եւ դարձեալ խառնէ:
– Քէյքի կաղապարի մը վրայ կարագ քսէ եւ վրան քիչ մը ալիւր սրսկէ: Կաղապարին մէջ պարզապէս խմորը:
– Համեներով հացը փուռին մէջ եփէ մօտաւորապէս 35 վայրկեան, 170 աստիճան տաքութեամբ:
– Ձգէ, որ կարկանդակը քիչ մը պաղի եւ ապա զայն կաղապարին մէջէն հանէ:
Այս համեմներով հացը դիւրութեամբ կը պահուի, եւ անոր համեմները ամէն օր աւելի հարուստ կը թուին:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել Կաղանդի ծառին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր պատկերները պէտք է դնել 2 պարապ քառանկիւններուն մէջ,
իւրաքանչիւր շարքի եւ իւրաքանչիւր սիւնակի մէջ
ստանալու համար իւրաքանչիւր առարկայ մէկ անգամ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած բոլոր առարկաները:





