Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր հայոց պատմութեան մէջ մենք ունինք բազմաթիւ հերոսներ, որոնք կռուած եւ զոհուած են իրենց հայրենիքին, ազատութեան եւ իրաւունքներուն համար: Մենք ունինք նաեւ ուրիշ հայ հերոսներ, որոնք պայքարած են նաեւ զիրենք որդեգրած երկրի ազատութեան եւ իրաւունքներուն համար:
Այս տիպար հերոսներէն է Միսաք Մանուշեանը (1906-1944): Ան փոքր տարիքին կը կորսնցնէ իր հայրը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, եւ քիչ ժամանակ անց` մայրը: 1919 թուականին Միսաք եւ իր եղբայրը` Կարապետ, կը ղրկուին Լիբանան, նախ Ժիպէյլի, եւ ապա Ճիւնիի որբանոցը, ուր կը ծնի անոր սէրը հայկական եւ ֆրանսական գրականութիւններուն հանդէպ:

1925-ին Միսաք եւ իր եղբայրը կ՛ուղղուին դէպի Ֆրանսա: Իր ապրուստը ապահովելու համար Միսաք տարբեր մարզերու մէջ կ՛աշխատի` առանց մոռնալու արուեստի, գրականութեան, երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր սէրը, հետեւելով դասերու, գրելով բանաստեղծութիւններ…
1934-ին ան կը ծանօթանայ իրեն նման Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Մելինէին: Եւ երբ Բ. Համաշխարհային պատերազմը կը սկսի, զոյգը կը միանայ նացի թշնամիին դէմ պայքարող Ռեզիսթանսին` Դիմադրութեան խումբերուն: Մօտաւորապէս 60 անձերէ կազմած իր խմբակին հետ, որուն բոլոր անդամները գաղթականներ էին, Միսաքի նման հայեր, իտալացիներ, լեհեր, անոնք բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարեն թշնամիին դէմ, մինչեւ որ Միսաք տասնեակ մը ուրիշ ընկերներու կը ձերբակալուի նոյեմբեր 1943-ին եւ կը գնդակահարուի 21 փետրուար 1944-ին:
* * *

80 տարի ետք Ֆրանսա իր երախտագիտութիւնը եւ մեծ յարգանքը արտայայտելու համար այս հայ հերոսին, անոր եւ կնոջ աճիւնները կը փոխադրէ Պանթէոն: Այս ձեւով Միսաք Մանուշեան կը դառնայ առաջին օտար անձը, որ պիտի հանգչի Ֆրանսայի պատմութեան մէջ մեծ դեր խաղացած ֆրանսացի անձնաւորութիւններու, գիտնականներու, գրագէտներու կողքին, Պանթէոնին մէջ: 1791 թուականէն ի վեր, այս կառոյցին մէջ կը հանգչին բոլոր անոնք, որոնք կարեւոր գործեր տարած են իրենց հայրենիքին` Ֆրանսայի համար: Անոր մուտքին կարելի է կարդալ հետեւեալ գրութիւնը. «Մեծ անձերուն. հայրենիքը երախտապարտ է…»:
Այժմ հոն կը հանգչին 83 անձնաւորութիւններ, որոնցմէ 7-ը կիներ են:
100 Տարի Առաջ` Առաջին
Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը
Արդի ամառնային առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան 1896-ին, Յունաստանի մէջ, ուր այդ խաղերը ծնած էին մօտաւորապէս 3000 տարի առաջ:
Սակայն առաջին ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան աւելի ուշ: 1924-ին, 25 յունուարէն մինչեւ 5 փետրուար, Ֆրանսայի Ալպեան լեռներուն վրայ գտնուող Շամոնի-Մոն Պլան քաղաքը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց այդ խաղերը: Այդ տարուան Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցէին 16 տարբեր մարզաձեւերու 250 մարզիկներ:
Այժմ մարզիկներուն թիւը 10 անգամ աւելի է: Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերն ալ տեղի կ՛ունենան ամէն 4 տարին անգամ մը: Անոնց հետ մեր յաջորդ ժամադրութիւնը առնուած 2026 թուականին Իտալիոյ մէջ է:
Մտածենք
1) Ո՞ր թիւը պիտի յաջորդէ այս թիւերուն:
– 31, 28, 31, 30, 31…
2) Կարգ մը ամիսներ ունին 30 օր, մինչ ուրիշներ ունին 31 օր: Քանի՞ ամիս ունի 28 օր:
– …
3) Դուն զաւակս ես, սակայն ես քու հայրդ չեմ: Ո՞վ ըսաւ այս նախադասութիւնը:
– …
4) Մարդ մը կ՛ապրի տան մը մէջ, որուն բոլոր պատերը դէպի հարաւ ուղղուած են: Այդ տան քովէն կ՛անցնի արջ մը: Ի՞նչ գոյն ունի այդ արջը:
– …
5) Ձիու մը վզին շուրջ անցուած է 5 մեթր երկարութիւն ունեցող պարան մը: Յարդերու դէզը կը գտնուի ձիէն 10 մեթր անդին, սակայն հակառակ ասոր` ձին կրնայ հասնիլ յարդին: Ինչպէ՞ս:
– …
6) Եթէ մէկուկէս տղաներ կ՛ուտեն մէկուկէս սանտուիչ մէկուկէս վայրկեանի մէջ, քանի՞ վայրկեանէն 6 տղաք պիտի ուտեն 6 սանտուիչներ:
– …
7) Բժիշկը քեզի թելադրեց առնել 3 դեղահատ ամէն կէս ժամը անգամ մը: Որքա՞ն ժամանակ պիտի անցնի առաջին եւ վերջին դեղահատերուն միջեւ:
– …
8) Հնաբան մը կը հաստատէ, որ գտած է ոսկիէ դրամ մը, որուն վրայ նշուած է ՔԱ 46 թուականը: Դուն կը հաւատա՞ս այս յայտարարութեան:
– …
9) Անիին մաման ունի 3 աղջիկ: Առաջինին անունը Բալիկ է, երկրորդին անունը` Փաթիլ: Ի՞նչ է երրորդ աղջկան անունը:
– …
10) Վազքի մրցումի մը ընթացքին դուն կ՛անցնիս երրորդ կարգի վրայ գտնուող վազողին: Ո՞ր կարգի վրայ կ՛ըլլաս այդ ժամանակ:
– …
11) Երկու որդիներ եւ երկու հայրերը ձկնորսութեան կ՛երթան: Սակայն միայն երեք անձեր գոյութիւն ունին: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս երեւոյթը:
– …
12) Գաւազան մը ունի երկու ծայր: Քանի՞ ծայր ունին երկուքուկէս գաւազաններ:
– …
13) Ցուցահանդէսի մը մարդ մը կեցած կը դիտէ դիմանկար մը. անցնող մը կը հարցնէ անոր, թէ որո՞ւ դիմանկարն է այդ պատկերը: Ան կը պատասխանէ. «Ես ո՛չ քոյր, ո՛չ ալ եղբայր ունիմ, սակայն պատկերին մէջի մարդուն հայրը իմ հօրս տղան է»: Ո՞վ է դիմանկարին մէջի անձը:
– …
14) 5 աշխատաւորներ շէնք մը պիտի ներկեն 35 օրուան ընթացքին: Եթէ 5 օրուան աշխատանքէ ետք 20 նոր աշխատաւորներ անոնց միանան, քանի՞ օրուան ընթացքին գործը պիտի աւարտի:
– …
15) Եթէ 2 նարինջներու ծանրութիւնը հաւասար է 3 պանաններու ծանրութեան, իսկ 4 պանաններուն գինը հաւասար է 3 նարինջներու գինին, ո՞ր պտուղները աւելի սուղ են. նարինջնե՞րը, թէ՞ պանանները:
– …
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տեղերը տախտակին մէջ:
Պատասխանները
1) 30, յունուար-31, փետրուար 28, մարտ-31, ապրիլ-30, մայիս-31, յունիս.30: 2) Բոլոր ամիսները ունին 28 օր, իսկ կարգ մը ամիսներ` նոյնիսկ աւելի քան 28: 3) Մայրը: 4) Ճերմակ: Եթէ տան բոլոր պատերը դէպի հարաւ կը գտնուին, ուրեմն տունը կը գտնուի Հիւսիսային բեւեռին վրայ, եւ հոն կ՛ապրին ճերմակ բեւեռային արջերը: 5) Պարանին ծայրը տեղ մը չէ կապուած: 6) 1 վայրկեանէն: 7) 1 ժամ: 8) Ոչ: 9) Անի: 10) 3-րդ կարգ: 11) Երեք անձեր. մեծ հայրը, հայրը եւ որդին: 12) Վեց: 13) Իր որդին: 14) Անոնք պէտք պիտի ունենան 6 օր աւելի, այսինքն գործը պիտի ամբողջացուի 11 օրուան ընթացքին: 15) 6 նարինջները կը կշռեն 9 պանաններու չափ, բայց ունին 8 պանաններու գինը: Այսինքն պանանները աւելի սուղ են: