Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ձմրան հետ վերադարձան նաեւ եղանակին յատուկ շնչառութեան հետ կապուած հիւանդութիւնները, պրոնշիթը, կրիփը, «քովիտ»-ը… Այս հիւանդութիւնները կը յառաջանան ժահրի մը (վայրըս) պատճառով: Սակայն ի՞նչ է ժահրը:
Ժահրը մանր մակաբոյծ մըն է, զոր պարզ աչքով անկարելի է տեսնելը: Ան չի կրնար երկար ժամանակ պարզ օդին մէջ մինակը ապրիլ, հետեւաբար ան կը հաստատուի կենդանի էակներու մարմնին մէջ: Կարգ մը ժահրեր կը նախընտրեն մարդ արարածները, ուրիշները` բոյսերը, իսկ ուրիշներ` անասունները: Երբ անոնք կը թափանձեն «հիւրընկալին» մարմնին մէջ, անոնք հիւանդութիւն մը կը յառաջացնեն: Այդ հիւանդութիւնները երբեմն թեթեւ կ՛ըլլան, ինչպէս` պարզ հարբուխը, իսկ ուրիշ պարագաներու` շատ ծանր, ինչպէս` իպոլան:
Սակայն ժահրերը ինչպէ՞ս մեզ կը հիւանդացնեն: Իւրաքանչիւր ժահր ունի իր նախասիրած վայրը` մորթը, բերանը, քիթը… Այդ վայրին մէջ ան կը թափանձէ բջիջի մը մէջ եւ անոր կը ստիպէ իրեն նման ուրիշ օրինակներ ստեղծել: Այս ձեւով շատ շուտ անոր նման միլիոնաւոր ժահրեր դուրս կ՛ելլեն այդ բջիջէն եւ կը սկսին վարակելու անոր մօտը գտնուող բջիջները: Վարակումը կը տարածուի եւ կը խանգարէ մարմնին բնականոն աշխատանքը:
Ժահրը կը փորձէ նաեւ ուրիշ «հիւրընկալներ» գրաւել: Ասիկա կրնայ իրականացնել փռնգտոցի մը ընթացքին կաթիլներու միջոցով «ցատկելով», կամ կառչելով առարկաներու, որոնց դպած է «հիւրընկալը»: Երբեմն ան կրնայ նաեւ կերպարանափոխուիլ իր աշխատանքը բարելաւելու համար, կամ նոր մարմնի մը պատշաճելու համար: Այս պարագային, կ՛ըսեն, որ ժահրը կը փոփոխուի: Ինչպէս, օրինակի համար, «Քովիտ 19»-ը, փոփոխուեցաւ անասունէն մարդուն անցնելու համար: Ապա ան եղափոխուեցաւ, եւ տարբերակներ յառաջացաւ:
Երբ որեւէ մէկ տեսակի ներխուժող կը յարձակի մեր մարմնին վրայ, մեր մարմինը կը պայքարի անոր դէմ զայն յաղթահարելու համար: Երբեմն ան առանձինը կրնայ զայն յաղթահարել, իսկ ուրիշ պարագաներու ան օգնութեան պէտք պիտի ունենայ: Այս պատճառով գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն իւրաքանչիւր ժահր` գտնելու համար դեղեր եւ պատուաստներ, որոնք կը պահպանեն վարակումէն եւ կը դադրեցնեն փոխանցումի շղթան:
Մրցանիշ
13 Տարեկան Պատանի Մը Կը Դառնայ
«Թեթրիս» Խաղի Ախոյեան
13 տարեկան ամերիկացի պատանի մը դարձաւ առաջին մարդ արարածը, որ կրցաւ յաղթել «Թեթրիս» վիտէօ խաղը: Ան նուազ քան 40 վայրկեանէն կրցաւ մեքենան յաղթահարել, եւ մեքենան չկրցաւ խաղը շարունակել: Այս ձեւով արձանագրուեցաւ համաշխարհային մրցանիշ մը, որ մեծ հպարտութիւն յառաջացուց պատանիին մօտ:
Արդեօք դուն ծանօ՞թ ես «Թեթրիս» խաղին: Ան պարզ վիտէօ-խաղ մըն է, որուն ընթացքին պէտք է իրարու մէջ անցընել միշտ աւելի արագ պաստառի վերէն ինկող կտորները` կազմելու համար լման շարքեր, որոնք ամբողջանալով` կ՛անհետանան: Ամերիկացի պատանին դարձաւ պատմութեան առաջին խաղցողը, որ կրցաւ խաղը վերջացնել: Ան հասաւ խաղին 157 մակարդակին, 38 վայրկեան ճիգերէ ետք: Այդ վայրկեանէն խաղին պաստառը անշարժացաւ, մեքենան խաղը շարունակելու անկարողութեան առջեւ կը գտնուէր:»
Ասիկա արագութեան մեծ իրագործում մըն է, որ մինչեւ հիմա միայն արհեստական բանականութիւնը (արթիֆիսըլ ինթէլիճընսը) կրցած էր իրագործել: Խաղին յայտնաբերումէն 40 տարի ետք է միայն, որ մարդ արարած մը կը կարողանայ իրագործել այս «քաջագործութիւնը»:
Գիտէի՞ր, Թէ
Եթովպիոյ Մէջ Տարին
Կը Տեւէ 13 Ամիս
Աշխարհի մեծ մասը որդեգրած է Գրիգորեան օրացոյցը, որ կը բաղկանայ 365 օրէ, կամ 366 օր` նահանջ տարիին: Մինչ եթովպիական օրացոյցը հիմնուած է ղպտիներու (քոփթ) օրացոյցին վրայ, որ շատ տարբեր է մեզի ծանօթ օրացոյցէն:
Ան կազմուած է 13 ամիսէ. այդ 13 ամիսներէն 12 ամիսները ունին 30 օր, իսկ տարուան վերջաւորութեան 13-րդ ամիսը, որ կը կոչուի բաժանարար ամիս, կը տեւէ 5 օր, կամ 6 օր` նահանջ տարուան ընթացքին: Եթովպիական Նոր տարին կը սկսի սեպտեմբեր ամսուն, եւ ամէն չորս տարին անգամ մը մէկ օր կ՛աւելցուի:
Սակայն գիտէի՞ր, թէ Գրիգորեան եւ ղպտի օրացոյցները աշխարհի միակ օրացոյցները չեն: Գոյութիւն ունին չինական, իսլամական, պարսկական, պալինական… տարբեր օրացոյցներ:
Աշխարհի Վրայ Գոյութիւն Ունի Միայն Մէկ Վայր,
Ուր Չորս Երկիրներու Սահմանները Իրարու Կը Միանան
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին բազմաթիւ շրջաններ, ուր 3 պետութիւններու սահմանները իրարու կը միանան: Այս ձեւով, գոյութիւն ունին աւելի քան 150 «եռակէտ» միջազգային վայրեր:
Սակայն գոյութիւն ունի վայր մը, ուր չորս պետութիւններու սահմանները իրարու կը միանան: Այս վայրը կը գտնուի Ափրիկէի մէջ` Զամպիոյ, Զիմպապուէյի, Պոսթուանայի եւ Նամիպիոյ միջեւ, Զամպէզէ գետին մէջ, Վիքթորիա ջրվէժին արեւմուտքը:
Ֆրանսա Ամէն Տարի Կ՛արտադրէ
1 Միլիառ Թոն Պանիր…
… Եւ մօտաւորապէս 1200 տարբեր տեսակներ: Ճիշդ է, որ ֆրանսացիները ճանչցուած են իբրեւ պանիրի մեծ սպառողներ, սակայն գիտէի՞ք, որ անոնք աշխարհի ամէնէն շատ պանիր սպառող ժողովուրդը չեն, ո՛չ ալ` ամէնէն շատ պանիր արտադրողները: Ֆրանսացիները ամէն տարի միջին հաշուով 26 քիլօ պանիր կ՛ուտեն, եւ կու գան երկրորդ կարգին վրայ` առաջնութիւնը տալով յոյներուն: Իսկ աշխարհի ամէնէն շատ պանիր արտադրող երկիրը Միացեալ Նահանգներն են:
Շուներու Ներկայութիւնը Արգիլուած Է
Անթարքթիքի Մէջ
1993 թուականին շուներու ներկայութիւնը արգիլուեցաւ այդ ցամաքամասի վրայ: Ասոր պատճառը յատկապէս այն վախն է, որ անոնք կրնան հիւանդութիւններ փոխանցել տեղացի փոկերու բնակչութեան կամ տարածուին ցամաքամասին վրայ եւ խանգարեն վայրի կեանքը:
Սակայն գիտէի՞ք, թէ շուները մեծ դեր խաղացած են այս ցամաքամասը գտնելու արշաւանքներուն մէջ: 1911-ին անոնք կը փոխադրէին հարաւային բեւեռ հասնող առաջին հետախուզական արշաւանքին մասնակցող անձերը եւ անոնց ապրանքները: Առանց անոնց` այս արշաւանքը ձախողութիւն մը պիտի ըլլար:
Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Պտուղը
Մրջիւնէ Մը Աւելի Փոքր Է
Ուոլֆիա տեսակի բոյսերը կը պատկանին ոսպերու ընտանիքին եւ արմատներ չունին: Անոնք ընդհանրապէս կը ծփան Աւստրալիոյ, Ափրիկէի եւ Ասիոյ լճակներուն եւ հանդարտ գետերուն մակերեսին: Անոնք աշխարհի ամէնէն փոքր ծաղիկներով բոյսերն են եւ կ՛արտադրեն աշխարհի ամէնէն փոքրիկ ու թեթեւ պտուղները (0,30 մմ երկարութիւն եւ մօտաւորապէս 70 մայքրոկրամ ծանրութիւն): Անոր համը կը նմանի ջրկոտեմի համին:
Ան փրոթէինով հարուստ է եւ մեծ քանակով կը մշակուի արդէն Ասիոյ մէջ: Որովհետեւ ան շատ մեծ արագութեամբ կ՛աճի, ան կրնայ դառնալ առատ ուտելիքի նոր աղբիւր մը մօտ ապագային:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ձիւնի փաթիլին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած հետեւեալ առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը: