Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրկէ՞ Կու Գայ Քարիւղը

Փետրուար 3, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Այս ցուրտ օրերուն մեծ թիւով մարդիկ իրենց տուները կը տաքցնեն քարիւղի միջոցով: Ասոր կողքին, քարիւղը կը գործածուի բազմաթիւ մարզերու մէջ. ան դարձած է աշխարհին վրայ գործածուած ուժանիւթի առաջին աղբիւրը: Ան չնորոգուող ուժանիւթի աղբիւր մըն է, որ կազմուած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ:

Քարիւղը կազմուած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Անիկա յառաջացած է ծովերուն խորերը ապրող կենդանի էակներու տարբաղադրումէն: Այս կենդանի էակները հոյամողէսները չեն… Անոնք ջրախոտեր եւ ջրային մանր անասուններ են: Դարերու ընթացքին այս մարմիններու մնացորդները կուտակուեցան եւ խառնուեցան ջուրի յատակի խաւերու աւազներուն, հողերուն եւ նոյնիսկ ժայռերու փոշիներուն հետ, որոնք հոն փոխադրուած էին գետերուն եւ հոսանքներուն միջոցով: Այս մնացորդները որքան աւելի աւազով եւ հողով ծածկուեցան, այնքան անոնք մխրճուեցան գետնին խորքը եւ կարծրացաւ` կազմելով «մայր ժայռ»-ի խաւ մը: Եւ որքան այս «ժայռը» կը մխրճուէր գետնին մէջ, այնքան աւելի բարձր ջերմաստիճանի եւ ճնշումի կ՛ենթարկուէր: Ընդհանրապէս – 2500-էն – 5000 մեթր խորութեան է, որ այս «ժայռը» տաքութեան եւ ճնշումի ազդեցութեան տակ կը վերածուի քարիւղի եւ կազի: Այս հոլովոյթը տեւեց բազմաթիւ տասնեակ միլիոն տարիներ: Այս պատճառով է, որ քարիւղը, կազը եւ ածուխը կը կոչուին չնորոգուող ուժանիւթեր: Անոնց պահեստը սահմանափակուած է:

Քարիւղը եւ կազը իրենց կազմաւորման վայրէն դէպի մակերես բարձրացած են: Անոնցմէ մաս մը հասած է մակերես եւ շոգիացած է: Իսկ միւս մասը բանտարկուած մնացած է ժայռերու կոյտերու մէջ, եւ հոն կուտակուած է. հետեւաբար քարիւղ ստանալու համար պէտք է գտնել հանքային խաւերուն վայրը, փորել գետինը, հորեր շինել, եւ ապա հեղուկը վեր քաշել: Այս գործողութիւնը դիւրին չէ, սուղ կ՛արժէ, եւ յատկապէս կ՛ապականէ շրջապատը:

Իր նախնական վիճակին մէջ քարիւղը կարելի չէ գործածել: Պէտք է զայն զտել` բաժնելու համար զայն բաղկացնող տարբեր բաղադրութիւնները. իւրաքանչիւր տարբեր բաղադրութիւն կը գործածուի շինելու համար տարբերակ մը: Այդ քարիւղին գլխաւոր տարբերակը կը վերածուի փոխադրատար միջոցներու համար վառելանիւթի, ինչպէս` փոխադրակառք, օդանաւ, ինքնաշարժ… Ուրիշ տարբերակ մը կը գործածուի շինելու համար կերպընկալէ նիւթեր, շիշեր, ներկեր, դիմայարդարման նիւթեր…

1950 թուականներէն ի վեր քարիւղը դարձաւ աշխարհի մէջ ուժանիւթի առաջին աղբիւրը: Սակայն անոր յառաջացուցած ամէնէն մեծ հարցը կը մնայ վառելու ընթացքին անոր յառաջացուցած բնածխական կազը (CO2): Եւ մենք գիտենք, որ այս կազն է գլխաւոր պատճառը մեր երկրագունդի կլիմային ջերմացման: Ասոր կողքին գոյութիւն ունին ուրիշ բազմաթիւ հարցեր ալ:

Հակառակ այս բոլորին, եթէ մենք չփոխենք մեր մտածելակերպը, սպառելու մեր սովորութիւնները, փոխադրուելու միջոցները մեզի շատ դժուար պիտի ըլլայ երեւակայել ձերբազատիլ քարիւղէն:

Սակայն երբ մենք գիտենք, որ օր մը քարիւղի պահեստները պիտի սպառին, կարեւոր է, որ մտածենք ու աշխատինք զարգացնելու վերամշակուող ուժանիւթի արտադրութեան միջոցները:

Վարունգի Թթուաշ`
Սառոյցին Դէմ

Մանկապատանեկան էջի սիւնակներուն մէջ մենք տեսանք, որ ճամբաներուն վրայ սառոյցէն ձերբազատելու համար ընդհանրապէս գետինը աղ կը սփռուի: Գերմանիոյ մէջ Տինկոլֆինկ քաղաքը գտած է իւրայատուկ միջոց մը` ճամբաները սրսկուած աղը խնայելու… Սառոյցը հալեցնելու համար, աղի փոխարէն, քաղաքապետութիւնը փողոցները կը թափէ վարունգի թթուաշի ջուրերը:

Քաղաքապետութիւնը այս հեղուկը ձեռք կը ձգէ պահածոյ վարունգի թթուաշ արտադրող տեղական գործարանէ մը: Ասիկա նուազ ծախսալից է եւ կարելիութիւնը կու տայ խնայելու տարեկան մինչեւ 180 թոն աղ եւ մօտաւորապէս 1 միլիոն լիթր ջուր:

Սակայն վարունգի թթուաշի այս ջուրն ալ աղի ջուր է, եւ ան կրնայ ապականել բնական ջուրի ստորերկրեայ խաւերը: Ասոր պատճառով Գերմանիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ սառոյցին դէմ աղի գործածութիւնը ամբողջովին արգիլուած է: Անոր փոխարէն` կը գործածուի աւազ կամ ուրիշ հատիկաւոր նիւթեր` սահելէ խուսափելու համար:

– 93 Աստիճան` Աշխարհի
Ամէնէն Ցուրտ Շրջանին Մէջ  

Աշխարհի ամէնէն ցուրտ շրջանը գտնուած է Անթարքթիքայի մէջ, 2010 թուականին, 4093 մեթր բարձրութեան վրայ: Հոն ջերմաստիճանը արձանագրած է – 93,2 աստիճան սելսիուս: 1983 թուականին Վոսթոքի կեդրոնին մէջ արձանագրուած էր – 89,2 աստիճան սելսիուս… միայն:

Ռուսիոյ Սիպերիա շրջանը աշխարհի ամէնէն ցուրտ բնակուած շրջաններէն մէկն է: Յունուար ամսուն, Օյմիաքոմն քաղաքին մէջ միջին հաշուով – 51,5 աստիճան սելսիուս կ՛արձանգրէ:

Ձիւնը Ճերմակ Չէ…

… Ան թափանցիկ է: Ան այնքան տարբեր մակերեսներէ կազմուած է, որ լոյսը կը սփռուի տարբեր ուղղութիւններով եւ կը ցատկէ մակերեսէ մակերես. լոյսէն ո՛չ մէկ բաժին կը ծծուի կամ ցոլացուի: Հետեւաբար ճերմակ լոյսն է, որ կը վերադառնայ մեր աչքերուն:

Մինչ շատ խորը գտնուող ձիւնը կրնայ կապոյտ երեւիլ:

Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Փաթիլը…

 

… Ունէր 38 սմ լայնք: Այս մրցանիշը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու հիւսիսը` Ֆորթ Քիոյի շրջանին մէջ, 1887 թուականին:

Մէկ Ամպ Մը Կրնայ Մինչեւ
1
Միլիոն Թոն Կշռել

Ամպերը կազմուած են բազմաթիւ մանր կաթիլներէ եւ սառոյցի բիւրեղներէ: Երբ ամպ մը կ՛ունենայ 0,5 կ ամէն խորանարդ մեթրէն մինչեւ 5 կ խորանարդ մեթրի խտութիւն, ան կրնայ կշռել մինչեւ 500 միլիոն լիթր ջուր:

Պզտիկ քիւմիւլուս ամպ մը կը կշռէ մօտաւորապէս 1000-2000 թոն ջուր, իսկ մեծ ամպ մը կրնայ կշռել մինչեւ 50 հազարէն 300 հազար թոն, մինչ փոթորիկներու ամպերուն ծանրութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ մէկ միլիոն թոնի: Եւ վերջապէս, փոթորիկներու հսկայ ամպերը կրնան կշռել մինչեւ 25 միլիոն թոն: Ասիկա հաւասար է 50 յարկանի եւ 100 մեթր լայնք ունեցող շէնքի մը ծանրութեան:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
11 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել խնձորներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած  առարկաները.
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տեղերը տախտակին մէջ:
Նախորդը

Ակնարկ. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Յաջորդը

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ, Ծովէ Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?