Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամառնային Ողիմպիականը սովորաբար 28 մարզաձեւեր կ՛ընդգրկէ: Սակայն 2020 թուականէն ի վեր խաղերը կազմակերպող երկիրներուն արտօնութիւն տրուեցաւ աւելցնելու մինչեւ վեց տարբեր մարզաձեւեր` իրենց Ողիմպիական յայտագրին: 2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 26 յուլիսին, Ֆրանսայի Փարիզ մայրաքաղաքին մէջ, իրենց յայտագրին մէջ ընդգրկելով չորս նոր մարզաձեւեր` պրէյքտենս, սըրֆ, սքէյթպորտ եւ յատուկ պատի մագլցում:
– Պրէյքտենս
Պրէյքտենսը Ողիմպիական իր մուտքը կը կատարէ Փարիզի խաղերուն ընթացքին: Քաղաքային պարի այս ոճը ծագած է 1970-ական թուականներուն, Նիւ Եորքի մէջ: 2024-ի Ողիմպիական խաղերուն պրէյքտենսի մրցումը պիտի բաղկանայ երկու բաժինէ` այր մարդոց յատուկ մրցում եւ կիներու յատուկ մրցում: Իւրաքանչիւր մրցաշարքի մասնակցող 16 մարզիկները պիտի զատուին իրենց իւրայատուկ ոճին եւ շարժումներու հիման վրայ: Եւ որպէսզի մրցակցութիւնը արդար ըլլայ, անոնցմէ պիտի պահանջուի իրենց պարին մէջ ներառել կարգ մը ստիպողական շարժումներ:
– Սըրֆ
Սըրֆի մարզաձեւը Ողիմպիական խաղերու ցանկին մէջ իր մուտքը կատարեց 2020-ի Թոքիոյի խաղերուն ընթացքին: 2024-ի Փարիզի խաղերուն սըրֆի մրցումները տեղի պիտի ունենան հարաւային Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Թահիթի կղզիին վրայ: Անոնք տեղի պիտի ունենան չորս օրերու ընթացքին, 27 յուլիսէն 5 օգոստոսի միջեւ: Մարզիկները պիտի դատուին իրենց ալիքին վրայ յայտնաբերած տեսակաւոր շարժումներուն, հնարքներուն եւ անոնց դժուարութեան վրայ: Նիշեր պիտի տրուին, նաեւ` ըստ արագութեան եւ մարզիկին շարժումներուն սահունութեան համար:
– Սքէյթպորտ
Սքէյթպորտի մարզաձեւն ալ մեծ յաջողութիւն գտաւ իր առաջին մուտքին, Թոքիոյի խաղերուն ընթացքին: Մասնակցողները ընտրութիւն պիտի ունենան երկու տարբեր մարզաձեւի միջեւ` փարք եւ սթրիք: Փարքի մրցումին ընթացքին մարզիկները պիտի դատուին դաշտին մակերեսին վրայ եւ արգելքներուն միջեւ նաւարկելու իրենց ճկունութեան, արագութեան եւ բարձրութեան հիման վրայ: Իւրաքանչիւր մարզիկ երեք 45 երկվայրկեան տեւող ժամանակամիջոց մը պիտի ունենայ:
Սթրիթ մրցումին պարագային, մարզիկները պիտի շրջին աստիճաններով, բռնակներով եւ ուրիշ արգելքներով օժտուած եւ մրցումին համար յատուկ շինուած քաղաքային փողոցի մը նման մակերեսի մը վրայ: Իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ունենայ երկու 45 երկվայրկեան տեւող ժամանակամիջոցներու, հինգ հնարքներ ցուցաբերելու համար: Անոնք պիտի դատուին ըստ սըրֆպորտին վրայ ունեցած իրենց կառավարման, հնարքներու տեսակին եւ ընդհանուր ոճին:
– Յատուկ պատ մագլցիլ
Յատուկ պատ մագլցելու մարզաձեւն ալ իր յաջող մուտքը կատարեց Թոքիոյի խաղերուն: Այս մրցումը բաղկացած պիտի ըլլայ 3 բաժիններէ, պոլտըրինկ (արգելքներով մագլցիլ), արագ մագլցիլ, առաջնահերթ մագլցիլ:
Արգելքներով մագլցելու պարագային, մարզիկները պէտք է փոքրիկ արգելքներով օժտուած 4,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող պատերը պէտք է մագլցին` առանց պարանի, ժամանակին դէմ մրցելով, ամէնէն նուազ ձախող փորձերով հասնելու գագաթին: Արագութեան մրցումին պարագային, մարզիկները պէտք է պատը մագլցին շատ արագ եւ ճշգրիտ ձեւով: Եւ վերջապէս, առաջնահերթ մագլցելու մրցումին մարզիկները միայն 6 վայրկեան ունին հասնելու 15 մեթր բարձրութեամբ պատի մը ամէնէն բարձր կէտը: Սակայն ասիկա կրնայ մեծ մարտահրաւէր մը ըլլալ, որովհետեւ մարզիկները սկիզբէն ծանօթ չեն պատին եւ անոր արգելքներուն:
* * *
Այս բոլոր նոր մարզաձեւերուն աւելի մօտէն հետեւելու համար, ժամադրութիւնը արդէն նշանակուած է, ուրբաթ 26 յուլիս 2024:
Ի՞նչ Է Ողիմպիական Ջահը
Աւելի քան 1 ամիս առաջ, 16 ապրիլին Ողիմպիական ջահը Յունաստանէն Ֆրանսա հասաւ, Մարսէյ քաղաք, մայիս 8-ին:
Ողիմպիական ջահը թէ՛ ամառնային, թէ՛ ալ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն գլխաւոր խորհրդանիշն է: Ան կը ներշնչուի Հին Յունաստանի խաղերու աւանդութենէն, երբ սրբազան կրակը կը վառէին` ի պատիւ աստուածներուն: Այժմ այդ ջահը կը ներկայացնէ` խաղաղութիւնը բարեկամութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ միութիւնը:
Սակայն ինչո՞ւ ջահին ճամբորդութիւնը այդքան նշանաւոր է
Որովհետեւ ան կը հետեւի երկար ճամբու մը` բազմաթիւ երկիրներու եւ երբեմն ցամաքամասերու միջեւ, յայտարարելու համար Ողիմպիական խաղերուն սկիզբը եւ խորհրդանշելու համար ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը: Ան իր ճամբորդութիւնը կը սկսի Յունաստանի Ողիմպոս լերան վրայ Հերայի տաճարին աւերակներուն մէջէն: Արեւուն ճառագայթները կը վառեն առաջին բոցը հայելիի մը շնորհիւ: Պատմութիւնը կը վերակենդանանայ, երբ քրմուհիներու նման հագուած կիներ ջահը կը վառեն: Այդ ջահը բնաւ պէտք չէ մարի, մինչեւ որ հասնի այն քաղաքը, որ պիտի ընդունի Ողիմպիական խաղերը: Ան կը փոխանցուի շնորհիւ հազարաւոր վազողներու, որոնք զայն կը հասցնեն մինչեւ կազմակերպիչ քաղաքը: Այդ առիթով այն շրջանները, ուրկէ կ՛անցնի ջահը, անոր շուրջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն: Այս արկածախնդրութիւնը վերջ կը գտնէ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին, հանդիսատեսներով լեցուն դաշտի մը մէջ: Կրակը կը շարունակէ վառ մնալ աւելի մեծ ջահի մը մէջ` ամբողջ մրցումներուն տեւողութեան: Ան կը խորհրդանշէ մարզական ոգին եւ կը փայլի աշխարհին շուրջ միլիառաւոր հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր ճամբան կայարան կը հասցնէ:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 արեւու ակնոցները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: