Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն տարի 22 ապրիլին աշխարհի շուրջ միլիոնաւոր անձեր կը հաւաքուին տօնելու համար Երկրագունդին օրը: Ասիկա առիթ մըն է մտածելու երկրագունդին հանդէպ մեր ունեցած վերաբերումին եւ զայն պահպանելու համար շօշափելի քայլեր առնելու մասին:
Առաջին Երկրագունդի օրը կազմակերպուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1970-ին, ծերակոյտի անդամ Հէյլորտ Նելսընի կողմէ: Ան կ՛ուզէր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել կենսոլորտի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս առաջին հաւաքին տեղի ունեցան ցոյցեր, վիճաբանութիւններ եւ տարբեր ձեռնարկներ ամբողջ երկրին մէջ: Այդ օրէն սկսեալ Երկրագունդի օրը դարձաւ միջազգային իրադարձութիւն մը, որ կը նշուի աւելի քան 192 երկիրներու մէջ:
2024-ի գլխաւոր մարտահրաւէրը
Ամէն տարի Երկրագունդի օրը կը կեդրոնանայ յատուկ նիւթի մը վրայ, կը փորձէ լուսարձակի տակ առնել կենսոլորտի գլխաւոր հարցերէն մէկը: 2024-ի ընդհանուր վերնագիրն է` «Մէկ անգամ գործածուող կերպընկալի դէմ պայքար»:
* * *
Կերպընկալի ապականումը մեր մոլորակին առաջնային մարտահրաւէրներէն մէկն է: Ամէն տարի միլիոնաւոր թոներով կերպընկալ կը թափուի ովկիանոսներուն մէջ` անդառնալի վնասներ հասցնելով ովկիանոսի վայրի բնութեան, միջավայրի համակարգին եւ մարդուն առողջութեան: 2024-ի Երկրագունդի օրը կոչ կ՛ուղղէ մարդոց` միջազգային ճիգ թափելու այս աղէտին դէմ պայքարելու համար:
Կերպընկալի այս ապականումին դէմ պայքարելու համար պէտք է հետեւիլ ընդհանուր աշխատանքի գիծի մը: Այսինքն` ունենալ մօտեցում մը, որ հիմնուած է յստակ սկզբունքներու վրայ, ինչպէս` նուազեցնել կերպընկալի գործածութիւնը, դարձեալ գործածել տարբեր առարկաները, եւ վերամշակել: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ մէկ անգամ գործածուող կերպընկալէ առարկաները, ինչպէս` գաւաթներ, պնակներ, դգալներ, պատառաքաղներ…
Աշխարհին շուրջ անձեր, հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ պետութիւններ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն Երկրագունդի օրը նշելու համար. պարտէզներ եւ ծովափներ մաքրել, ծառեր տնկել, դպրոցներուն մէջ դասախօսութիւններ, կլիմայի համար ցոյցեր…
Երկրագունդի օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր դերը ունի մեր մոլորակին պահպանման աշխատանքներուն մէջ:
2024-ի Ողիմպիական Խաղերու
Յատուկ Ծաղիկ Մը
2013 թուականին Փարիզի Ծաղիկներու պարտէզին պարտիզպաններէն մէկը ստեղծեց ծաղիկ մը, զոր անուանեց «Ողիմպիական տալիան»: Այս ծաղիկը աճեցնելու համար ան առաւ արդէն գոյութիւն ունեցող տալիայի տեսակի մը բեղմնափոշին եւ զայն դրաւ ուրիշ տեսակի տալիայի մը ծաղիկին մէջ: Այս գործողութիւնը բազմաթիւ անգամներ կրկնելով` ան վերջապէս ստացաւ նոր տեսակի մը հունտերը:
Այս աշխարհի մէջ այսպիսի ծաղիկ մը կարելի չէ գտնել ծաղկավաճառներուն քով: Սակայն մարդիկ առիթը պիտի ունենան զայն տեսնելու Փարիզի մէջ, Ողիմպիական խաղերուն առիթով: Ողիմպիական տալիայի այս տեսակէն 50 հազար տունկեր այժմ կը մշակուին ջերմոցներու մէջ: Մօտ օրէն անոնք պիտի տնկուին քաղաքին տարբեր պարտէզներուն մէջ: Սակայն արդեօք անոնք ժամանակը պիտի ունենա՞ն ծաղկելու 26 յուլիսի Ողիմպիական խաղերու բացումէն առաջ…
Ի՞նչ Են Բրածոյ Ուժանիւթերը
Այս շաբաթ, Հոլանտայի Ռոթըրտամ քաղաքին մէջ աշխարհին շուրջ ուժանիւթ արտադրող հաստատութիւնները պիտի մասնակցին մեծ համագումարի մը: Անոնք պիտի քննարկեն հարցեր` ելեկտրականութիւն արտադրելու միջոցներուն եւ անոնց յառաջացուցած ապականումին մասին:
– Ի՞նչ են բրածոյ ուժանիւթերը
Ածուխը, քարիւղը կամ բնական կազը բրածոյ ուժանիւթեր են: Անոնք կը ներկայացնեն աշխարհին մէջ գործածուած ուժանիւթին 80 առ հարիւրը: Անոնք կը ծառայեն` աշխատցնելու ինքնաշարժները, տուները տաքցնելու միջոցները, ելեկտրականութիւն արտադրելու…
Անոնք բրածոյ կը կոչուին, որովհետեւ անոնք շատ «հին» նիւթեր են: Անոնք կը յառաջանան կենդանի մասնիկներու, յատկապէս բոյսերու, շատ դանդաղ տարրաբաղադրումէն, որ կը տեւէ միլիոնաւոր տարիներ: Անոնք ընդերքէն կ՛արտահանուին, ապա կ՛այրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք գործածել: Սակայն անոնց այս այրումը մեծ քանակով բնածխական կազ կ՛արտադրէ: Ասիկա մեծ հարց կը յառաջացնէ: Ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող այս կազը մեր ընդհանուր կլիմային տաքնալուն գլխաւոր պատճառն է: Հետեւաբար կարգ մը երկիրներ իրարու հետ կը գործակցին այս ապականող ուժանիւթերէն ձերբազատուելու համար:
Սակայն, դժբախտաբար, բոլոր երկիրները այս ճիգերուն մասնակից չեն ըլլար, յատկապէս` այն երկիրները, որոնք կ՛արտադրեն այս ուժանիւթերը: Բարեբախտաբար վերանորոգուող ուժանիւթերը, որոնք արեւէն կամ հովէն կ՛օգտուին ելեկտրականութիւն արտադրելու համար, մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած են եւ կրնան մասամբ փոխարինել բրածոյ ուժանիւթերը:
Որպէսզի մենք կարենանք աւելի արագ ձերբազատիլ ապականող այս ուժանիւթերէն, հարկ է, որ ճարտարարուեստականացած երկիրները աւելի նուազեցնեն իրենց ուժանիւթի սպառումը: Իւրաքանչիւր քաղաքացի նոյնիսկ կրնայ մասնակցիլ այս բարելաւումի ճիգերուն, օրինակի համար, տունին մէջ նուազ ջեռուցիչ վառելով, կամ հեծիկ գործածելով` ինքնաշարժի փոխարէն…
Ժամանց
Կրնա՞ս օգնել զատկաճճիին` գտնելու համար ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ
գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի
համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ: