Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է Արեւու Խաւարումը

April 6, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Ապրիլ 8-ին Հիւսիսային Ամերիկայէն բաժին մը օրուան ընթացքին մութի մէջ պիտի ըլլայ: Ասոր պատճառը արեւու ամբողջական խաւարումն է:

– Ի՞նչ է խաւարումը

Ասիկա աստղագիտական երեւոյթ մըն է, որ կը պատահի, երբ լուսինը կը ծածկէ արեւը քանի մը վայրկեան: Արեւը կազի շատ տաք գունդ մըն է, որ կը փայլի, եւ այդ լոյսը կը լուսաւորէ մեր մոլորակէն այն բաժինը, որ անոր կողմը կը գտնուի: Բարեբախտաբար երկրագունդը ինքն իր վրայ կը դառնայ, եւ այս ձեւով ամէն մարդ կ՛օգտուի արեւէն: Նոյն ժամանակ ան լման շրջան մը կ՛ընէ արեւուն շուրջ, եւ այս «ճամբորդութիւնը» կը տեւէ մօտաւորապէս մէկ տարի: Իսկ լուսինը երկրագունդին շուրջ կը դառնայ: Որպէսզի մենք կարենանք արեւու խաւարում մը տեսնել, պէտք է, որ երկրագունդը, լուսինը եւ արեւը նոյն գիծին վրայ գտնուին:

– Ինչո՞ւ այս երեւոյթը հազուադէպ է

Որովհետեւ լուսինը եւ երկրագունդը նոյն ծիրին հիմամբ չեն դառնար: Հետեւաբար այս երեք  մարմիններուն «տողադրումը» տարեկան մօտաւորապէս միայն երկու անգամ կը պատահի: Այդ ժամանակ լուսինը իր շուքը կը նետէ երկրագունդէն փոքրիկ բաժինի մը վրայ: Եթէ մենք երկրագունդէն տեսնենք, որ լուսինը ամբողջովին կը ծածկէ արեւը, այդ պարագային արեւու լման խաւարում կը պատահի: Երկրագունդի այդ վայրին մէջ արեւու ո՛չ մէկ ճառագայթը կը հասնի, եւ օրուան ընթացքին մութ կ՛ընէ:

Երբ լուսինը արեւէն միայն բաժին մը կը ծածկէ, արեւէն կարգ մը ճառագայթներ կը հասնին մինչեւ երկրագունդ: Այս պատճառով է, որ ամբողջովին մութ չ՛ըլլար: Ասիկա մասնիկի խաւարում մըն է, եւ ասիկա աւելի յաճախակի է:

* * *

Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին անգամ արեւու լման խաւարում պատահած էր 8 յունիս 1918-ին. իսկ յաջորդը տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոս  2045-ին: Սակայն մի՛ մոռնաք. եթէ պատահի ո՛ւր որ ըլլաք, եւ ականատես ըլլաք նման երեւոյթի մը, խաւարումը միշտ յատուկ ակնոցներով պէտք է դիտէք: Արեւուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կրնան անվերականգնելի վնասներ հասցնել ձեր աչքերուն, նոյնիսկ կուրութիւն պատճառել:

Սկովտիոյ Մէջ Ապրիլ 1-ի
Կատակները 2 Օր Կը Տեւեն

Ապրիլ 1-ին մենք սովորութիւն ունինք իրարու կատակներ ընելու ամբողջ օրը: Սակայն գիտէի՞ր, թէ Սկովտիոյ մէջ ապրիլ 1-ը առիթն է լման երկու օր տրամադրելու կատակներու եւ տարբեր տեսակի տօնակատարութիւններու: Այդ օրը ունի նաեւ իրեն յատուկ անունը` «Գուգույին հալածումը»:

Ըստ աւանդութեան, առաջին օրը գիւղէն անձ մը կը ղրկուէր անիմաստ գործեր ընելու, ինչպէս` օրինակի համար կեղծ լուր մը տանիլ մէկուն, կամ անիմաստ գնումներ կատարել: Երկրորդ օրը կը կոչուէր «Թէյլի տէյ». մարդիկ իրարու նուէր մը կու տային` անոնց կռակին վրայ թուղթ մը փակցնելով:

* * *

Ապրիլ 1-ի օրուան «տօնակատարութիւնը» ամէն տեղ գոյութիւն չունի: Սակայն ան աշխարհին շուրջ տարածուած է տարբեր ձեւերով: Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի մէջ ապրիլեան ձուկի սովորութիւնը տարածուած է, մինչ անգլիախօս երկիրներուն մէջ «Էյփրիլ ֆուլ՛զ տէյ»-ի առտուն միայն մարդիկ իրարու կատակներ կ՛ընեն: Գերմանիոյ մէջ «Ափրիլշերց»-ը ապրիլի կատակն է: Մեքսիքայի մէջ մէկու մը ապրանքները կը փոխանակէին տուփ մը շաքարներով` հետը պզտիկ երկտող մը դնելով: Փորթուգալի մէջ բարեկամներուն վրայ ալիւր կը սփռեն: Իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պրազիլ, այդ օրը կը կոչուի «Տիա տաս մենթիրաս»` սուտերու օրը:

* * *

Տարբերակները շատ են աշխարհի շուրջ, ինչպէս` Դանիոյ, Նետերլանտներու, Լեհաստանի, Շուէտի, Ֆինլանտայի, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Ճափոնի, ուր բազմաթիւ օրեր տրամադրուած են կատակներուն: Հոն միայն ապրիլ 1-ի մասին չի խօսուիր, այլ` «10 հազար ապուշութիւններու եղանակ»-ին մասին:

Մտածենք 

Զատկուան Արձակուրդ

Զատկուան արձակուրդին չորս ընկերներ իրենց ազգականներուն այցելութեան գացին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր նուէր մը ստացաւ տարբեր ազգականէ մը: Առաւել, անոնք տարբեր ազգականներու այցելեցին` բազմաթիւ այցելութիւններ կատարելով:

Հետեւելով վարի բացատրութիւններուն` փորձէ գիտնալ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ նուէր ստացաւ, որո՛ւն այցելեց եւ քանի՛ անգամ:

* * *

1 – Արամը տուրմէ անասուն մը ստացաւ իր մօրաքրոջ աղջիկէն: Ան այցելեց հինգ վայր:
2 – Տուրմէ հաւկիթ մը ստացող տղան շատ աւելի վայրեր այցելեց, քան` դրամ ստացող տղան, բայց նուազ քան` Վիգէնը:
3 – Մեծ մաման քիչ մը դրամ տուաւ իր թոռնիկին: Ան ո՛չ Ռուբէնն է, ո՛չ ալ Հրակը:
4 – Այն տղան, որ ո՛չ Հրակն է, ո՛չ ալ Վիգէնը, չորս վայրեր այցելեց: Ան ստացաւ ներկուած հաւկիթ մը, անձէ մը, որ իր մայրը չէր:
5 – Տուրմէ ոչխարը մօրաքրոջ մը նուէրն էր:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել կղզի հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 գլխարկները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ոգեղէն Ձայնի Մը Յաւերժ Ունկնդրութիւնը (Գէորգ Պէպէճեանի Անմեռ Յիշատակին)

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.