«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քրէյկ Շէյքըսփիր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի շարունակէ մնալ ակումբին մարզիչ:
Նախորդ ամիս, Քլաուտիօ Ռանիերիի պաշտօնազրկումէն ետք, ան նշանակուած էր ժամանակաւոր մարզիչ:
Անգլիոյ գործող ախոյեան Լայսթըր Սիթիի այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս առաջարկը շատ մեծ ուրախութեամբ ընդունած է Շէյքըսփիրը: