Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր կազմին:
Այսպիսով, անհանգստութենէ տառապող Կէօթցէի համար, 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեցաւ:
Քանի մը շաբաթ հանգստանալէ ետք ան պիտի սկսի պատրաստուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին: