Քաթալոնիական Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, մօտ է իր ակումբին հետ պայմանագրութիւն մը կնքելուն: Այս լուրը կը յայտնէ Marca-ն:
Կողմերը գրեթէ համաձայնած են նոր պայմանագրութեան երկարաձգման գծով, եւ ամէն ինչ պիտի յայտարարուի նախքան այս տարեշրջանին աւարտը:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Ինիեսթա Պարսելոնայի հետ պիտի կնքէ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` ապագային զայն տարիով մը եւս երկարաձգելու պայմանով: