«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին երկու ճակատումները:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 4-2 արդիւնքով յաղթած էր Պայէր Լեւերքուզընի, երէկուան մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի մրցումներու իր տոմսը:
Մրցումին ներկայ էր շուրջ 55 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարն էր Սերկէյ Քարասեւ (Ռուսիա):
Երէկուան երկրորդ ճակատումը աւարտեցաւ Մոնաքոյի յաղթանակով, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Սիթին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մոնաքօ եղաւ քառորդ աւարտականին իր տոմսը ապահովողը, հակառակ անոր որ անիկա, երթին, Անգլիոյ մէջ, պարտուած էր 5-3 արդիւնքով: Սակայն, իշխանապետական կազմը, օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն օգտուելով, մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Սիթին:
Նշենք, որ վաղը` ուրբաթ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: