Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սկովտիական Ռէյնճըրզի նախկին մարզիչ` Մարք Ուորպըրթըն նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆորեսթի հետ:
Ան այսպիսով փոխարինեց Կերի Պրազիլը, որ կորսնցուց իր պաշտօնը:
Ուորպըրթըն իրեն օգնական պիտի ունենայ Տէյվիտ Ուերը, որ նախապէս նոյն այդ պաշտօնին վրայ էր` Ռէյնճըրզի հետ:
Անոր առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին, Տերպի Քաունթիի դէմ: Այս վերջինը եւս ունեցաւ նոր մարզիչ մը` Կերի Ռովեթ, որ փոխարինեց Սթիւ Մաքլարընը: