«Սի. Էն. Էն.» հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, 70 տարեկան կին մը` Չաու Սմիթ, 7 օրուան ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 տարբեր մարաթոններու, որոնք տեղի ունեցան 7 տարբեր ցամաքամասերու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Միսուրի նահանգին մէջ բնակող կինը այս տարի, 25-31 յունուարին, վազած է Աւստրալիոյ, Սինկափուրի, Գահիրէի, Ամսթերտամի, Նիւ Եորքի, Չիլիի եւ Անթարքթիտայի Քինկ Ճորճ կղզիին մէջ տեղի ունեցած մարաթոններուն:
Ան ընդհանուր մասնակցած է 70 մարաթոններու: