«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռոսթովը (Ռուսիա), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը (երթ` 1-1):
Մրցումին 70-րդ վայրկեանին Խուան Մաթա նշանակեց օրուան միակ կոլը, փոխանցում մը ստանալէ ետք Զլաթան Իպրահիմովիչէն, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանէն:
Նշենք, որ Մխիթարեան բաւական լաւ ելոյթ մը ունենալով, ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ:
Մխիթարեան, 30-րդ վայրկեանին, կոլ նշանակելու ստոյգ առիթ մը ունեցաւ, երբ առանձին մնաց բերդապահին հետ, բայց չկրցաւ ցնցել անոր բերդին ուռկանը:
Հոս տեղին է նշել, որ Ռոսթովի կազմին մէջ ելոյթ ունեցող Խորէն Պայրամեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 81-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: