Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ փոփոխութիւն կրեցին այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն վայրերը եւ օրերը:
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականէն յետաձգուած մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 18 մարտին, Ժունիէի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, այժմ, նոր յայտագիրին հիմամբ, տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ շաբաթ, 18 մարտին, ժամը 14:45-ին:
Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք մրցումը` Նասեր Պար Էլիասի դէմ, փոխան շաբաթ, 18 մարտին, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 19 մարտին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ժամը 15:00-ին:
Ֆետերասիոնը յայտնեց նաեւ, որ իրաւարար Սամեր Քասեմ մէկ տարիով կախակայեց: