Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի ունեցած աշխարհի ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին Նասիֆ Էլիաս յաջողեցաւ բարձր պահել Լիբանանի անունը, երբ 90 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան:
Ան իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց ուրուկուէյցի իր մրցակիցին, ապա, յաջորդաբար` արժանթինցի եւ ամերիկացի մրցակիցներուն:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց իր մարզիկին ձեռք ձգած այս իրագործումը: