Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իրականութեան չի համապատասխաներ քանի մը օրէ շրջան ընող այն լուրը, թէ 6 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ: Ֆետերասիոնը հաստատեց, որ նման բան գոյութիւն չունի:
Նշենք, որ հայրենի կազմը 4 յունիսին Երեւանի մէջ, արդէն իսկ բարեկամական մրցում մը պիտի ունենայ Սենթ Քից Էնտ Նեւիս խումբին դէմ:
Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը շուտով պիտի սկսի նախապատրաստուիլ 26 մարտին Երեւանի մէջ Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտում):