Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց ախոյեան խումբը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 19:30-ին, Ռաուտայի, Ֆանարի ակումբներէն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն պիտի ուղղուին «Աղբալեան» մարզահամալիր: