Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Պիպլոսը` մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 104-83 արդիւնքով (26-16, 47-33, 74-56 եւ 104-83):
Շանվիլի նորեկ մարզիկ Մարքէյթ Քամինկզ նշանակեց 27 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տարիըն Թաունզ` 26 կէտ, իսկ Պրենտըն Թոմաս` 21 կէտ:
Նշենք, որ Շանվիլէն 13 կէտ նշանակած Պասել Պաուժի, ձեռք ձգեց 16 ռիպաունտ:
Պիպլոսէն Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 28 կէտ, Քլէյ Թաքըր` 23, մինչ խումբին նորեկ մարզիկ Ալի Թրաորէ` 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի կիրակի, 19 մարտին, ժամը 17:00-ին, երբ Նուհատ Նաուֆալի մէջ (Զուք) Թատամոն կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Նշենք սակայն, որ 17-րդ հանգրուանը կը սկսի շաբաթ, 18 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: