Մարզական

Հենրիխ Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի 5-րդ Բարձրագոյն Վարձատրուողն Է

«Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, 28-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեանի շաբաթական աշխատավարձը կը կազմէ 180 հազար սթերլինկ: Մանչեսթըր Եունայթըտի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը անգլիացի յարձակող Ուէյն Ռունին է, որ շաբաթական 300 հազար սթերլինկ կը ստանայ: Ֆրանսացի կիսապաշտպան Փոլ Փոկպան կը ստանայ շաբաթական 290 հազար սթերլինկ, շուէտացի յարձակող Զլաթան Իպրահիմովիչ` 220 հազար, իսկ սպանացի դարպասապահ Տաւիտ տէ Խէան` 200 հազար:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ (Տղաք). ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 22-րդ Յաղթանակը

ՀՄԸՄ - Լուէյզի երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին: ՀՄԸՄ արձանագրեց այլ հանգիստ յաղթանակ մը` 98-77 արդիւնքով (29-15, 51-33, 72-53 եւ 98-77), այսպիսով 22-ի բարձրացնելով այս տարեշրջանին իր արձանագրած յաղթանակներուն ընդհանուր հաշիւը: Եթէ նախորդ մրցումին` (Սաժեսի դէմ)...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ (Աղջիկներ). ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն` 97-23

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրելով 97-23 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը (26-8, 22-8, 26-6 եւ 23-4): Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Մեղրի Թորոսեան (16 կէտ), Սանտրա Նաժըմ` (15), Թաքլա Քամել (14), Այտա Պախոս (12), Լէյլա Ֆարես (9), Ֆարահ Հարաքէ (8), Ճոյս Սալիպա եւ Ժիւըլ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Սպանիոյ մէջ, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, այսօր, իր դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Այլ հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ այսօր կը հիւրընկալէ Պորուսիա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Ռասինկ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի կէսօրուան ժամ 12:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:    

Վոլիպոլ. Քալամուն Հանդիսացաւ Աղջկանց Ախոյեան

Լիբանանի վոլիպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումին, Քալամուն իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով Ամշիթի դէմ, հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան: Աւարտականի այս երրորդ մրցումէն ետք, որ տեղի ունեցաւ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ` Ժան Համմամէն: Այլ գետնի վրայ, Համմամ եւ փոխնախագահ Ալի Խալիֆէ մեկնեցան Պահրէյն` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական վոլիպոլի ֆետերասիոնին...

Ծանրաբարձութիւն. Սոնա Պօղոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Սոնա Պօղոսեան, որ 75 քկ դասակարգին մէջ ընդամէնը արձանագրեց 227 քկ արդիւնք մը (101 + 126): Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ, սպանացի Լիտիա Վալենթին, որ արձանագրեց 252 քկ արդիւնք մը (115+137): Այլ գետնի վրայ, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն արմուկէն ծանր վնասուածք ստանալէ եւ ապաքինելէ ետք, Անդրանիկ Կարապետեան վերադարձաւ եւ...

Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Անկախ Հայաստանի Սուսերամարտի Լաւագոյն Նուաճումը

Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի սուսերամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էմմա Պօղոսովա գրաւեց 5-րդ դիրքը, ինչ որ անկախ Հայաստանի սուսերամարտի պատմութեան մէջ լաւագոյն ձեռքբերումն է, յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան արձանագրելով 5 յաղթանակ, իրաւունք ստացաւ յառաջիկային իր մասնակցութիւնը բերելու ողիմպիականի համար պայքար մղելու մրցումներուն:

Կռփամարտ. Հայաստան 8 Մարզիկով Կը Մասնակցի Թիֆլիսի Միջազգային Մրցաշարքին

10-15 ապրիլին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՛ունենայ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 8 մարզիկով: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան այս մրցաշարքին համար նկատի առած է հետեւեալ մարզիկները. Գասպար Բաբախանեան (49 քկ), Վահէ Բադալեան (52 քկ), Հրայր Շահվերդեան (60 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (64 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), Հենրիկ...

Հայաստան-Ուզպեքիստան Ֆութպոլի Բարեկամական Խաղը Թուրքիո՞յ Մէջ…

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին տուգանքի ենթարկեց բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող Շիրակը` նկատի ունենալով, որ Փիւնիկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտին լուսատախտակը չաշխատեցաւ: Ֆետերասիոնին կանոնագիրին 15-րդ յօդուածին 34-րդ կէտին համաձայն, Շիրակ տասը հազար դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ:

«Էն. Պի. Էյ.». Ճիմի Պաթլըր` «Թրիփըլ-Տապըլ»-ի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզին մաս կազմող Ճիմի Պաթլըր, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (102-90), հանդիսացաւ «թրիփըլ-տապըլ»-ի հեղինակ (19 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ): Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս երեք կէտի տարբերութեամբ` 106-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն: Նիքսէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 23 կէտ:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Նախորդ Տարեշրջանին Եկամուտը` 4,58 Միլիառ Եւրօ

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ նախորդ տարեշրջանին իր եկամուտը կազմեց 4,58 միլիառ եւրօ: Անիկա ամէնէն շատ իր եկամուտը ստացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումներուն ուղղակիօրէն պատկերասփռումներուն վաճառքէն` 1,65 միլիառ եւրօ: Իսկ տոմսերուն վաճառքէն անիկա ստացաւ 286,5 միլիոն եւրօ: Կը նշուի նաեւ, որ ծանուցումներու վաճառքէն անիկա գանձեց 928 միլիոն եւրօ:

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հանդիսացաւ Երրորդ

Մասնակցութեամբ 35 ակումբներու, վերջին երկու օրերուն ընթացքին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի երեք մասնաճիւղեր` Պուրճ Համուտ, Ժունիէ եւ Անթիլիաս: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաջողեցաւ գրաւել երրորդ դիրքը եւ Անդրանիկ Անթիլիասի (տիտղոսակիր) ու Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմայի հետ (երկրորդ) միասին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ-Տղաք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Լուէյզի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 7 ապրիլին ՀՄԸՄ կը մրցի Լուէյզիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին: Այն ինչ որ կ՛ըսուի, թէ այս մրցումը այդքան ալ կարեւոր չի նկատուիր, ինչպէս նաեւ Ա. խմբակին դասաւորման պատկերէն բան չի փոխեր,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ – Աղջիկներ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Թատամոնը (Բ. խմբակ), «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ներկայ ըլլալ այս մրցումին` քաջալերելու համար իրենց ախոյեան խումբը, իսկ մարզիկներէն` լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկելով յաղթանակ մը արձանագրել:  

Հենրիխ Մխիթարեան` Մանչեսթըր Եունայթըտի «Ռիվիու» Ամսագիրին Կողքի Էջին Վրայ

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի լուսանկարը յայտնուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի «Ռիվիու» ամսագիրին կողքի էջին վրայ: Ամսագիրին այս նոր թիւին մէջ լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետին մանրամասն հարցազրոյցը: «Փրեմիեր լիկ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան, 28 տարեկան միջնապահը մասնակցած է 17 մրցումի` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով կոլի մէկ փոխանցում (էսիսթ):

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

«Օլ-Սթար»-ի Շաբաթավերջ` Նուհատ Նաուֆալի Անուան Մարզահամալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, այս շաբաթավերջին` 8-9 ապրիլին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ «Օլ-Սթար»-ի շաբաթավերջ մը: Տեղի պիտի ունենայ բոլոր աստղերուն միջեւ պասքեթպոլի մրցում մը, նախկին մարզիկներու եւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներու մրցում, աղջկանց պասքեթպոլի մրցում մը, ինչպէս նաեւ թրի փոյնթի, տանքի եւ այլ տեսակի մրցումներ: Այս բոլորը տեղի պիտի ունենան առ ի զօրակցութիւն Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենան շաբաթ, 8 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. 14:00   2003/2004 Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան- Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան 14:00   1999/2000 Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ-Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան 14:00   1999/2000  Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան-Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան 15:00   2001/2002  Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան-Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն...

Մեսսի Իր Կոլը Նուիրեց Քաղցկեղի Դէմ Պայքարող Երեխաներուն

Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-0) իր առաջին կոլը նուիրեց քաղցկեղի դէմ պայքարող երեխաներուն, այս մասին կը յայտնէ «Մարքա»: 28-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածելով 2-0, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը ցուցադրեց քաղցկեղով տառապող հիւանդ երեխաներուն աջակցող ժեսթ մը:

ՖԻՖԱ. Հայաստան Այսօր 18 Դիրքի Ոստում Մը Պիտի Արձանագրէ

ՖԻՖԱ-ի կողմէ այսօր հրապարակուելիք աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 18 դիրքի ոստում մը պիտի արձանագրէ, կը յայտնէ Football-rankings.info կայքը: Ղազախստանին յաղթելուն պատճառով, Հայաստան իր կէտերուն թիւը 113-ով աւելցնելով պիտի բարձրանայ 67-րդ դիրք: Այսպիսով, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, Արթուր Պետրոսեանի կազմը յառաջացած է 58 դիրքով` 125-էն հասնելով 67-ի: Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը...

Page 989 of 1277 1 … 988 989 990 … 1,277

Արխիւներ