Մասնակցութեամբ 35 ակումբներու, վերջին երկու օրերուն ընթացքին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի երեք մասնաճիւղեր` Պուրճ Համուտ, Ժունիէ եւ Անթիլիաս:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաջողեցաւ գրաւել երրորդ դիրքը եւ Անդրանիկ Անթիլիասի (տիտղոսակիր) ու Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմայի հետ (երկրորդ) միասին անցնիլ յաջորդ հանգրուան, ուր իրարու դէմ կը մրցին 8 խումբեր` լիբանանեան բոլոր նահանգներէն:
Այդ 8 խումբերէն յաղթականը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչն է Նոել Քէշիշեան, իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են` Պերճ Կէօքէօզեան, Փոլ Պետրոս, Յարութ Թաշճեան, Խաչիկ Կէօքէօզեան, Նարեկ Արսլանեան եւ Ստեփան Թեքելեան: