Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 7 ապրիլին ՀՄԸՄ կը մրցի Լուէյզիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին:
Այն ինչ որ կ՛ըսուի, թէ այս մրցումը այդքան ալ կարեւոր չի նկատուիր, ինչպէս նաեւ Ա. խմբակին դասաւորման պատկերէն բան չի փոխեր, թէեւ ճիշդ է, սակայն ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է մնան իրենց խումբին կողքին եւ քաջալերեն զայն, մանաւանդ որ այս մրցումը պիտի չպատկերասփռուի:
Նոյն ժամուն Ժիպէյլի մէջ տեղի ունենալիք Պիպլոս – Սաժես մրցումը պիտի պատկերասփռուի:
Նշենք, որ ՀԸՄԸ ցարդ իր կատարած 22 մրցումներուն արձանագրած է 21 յաղթանակ` կրելով միայն մէկ պարտութիւն:
Ատկէ մեկնելով, այսօր բոլորս ալ պիտի մեկնինք դաշտ եւ քաջալերենք ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
Շաբաթ, 8, կիրակի 9 եւ երկուշաբթի, 10 ապրիլին որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:
Ա. խմբակին վերջին երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, 11 ապրիլին, իսկ Բ. խմբակին վերջին երկու ճակատումները` հինգշաբթի, 13 ապրիլին:
Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ` Բ. խմբակին մէջ:
Ռիատի Մանարայի մէջ 93-76 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին: Ամիր Սէուտ (Ռիատի) նշանակեց 27 կէտ, մինչ Պրենտըն Թոմաս (Շանվիլ)` 23 կէտ:
Թրիփոլիի մէջ, Մութթահետ երկարաձգումէն ետք 102-101 արդիւնքով յաղթեց Թատամոնին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 33 կէտ, մինչ Թատամոնէն Մորիս Քեմփ` 26 կէտ: