
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին:
ՀՄԸՄ արձանագրեց այլ հանգիստ յաղթանակ մը` 98-77 արդիւնքով (29-15, 51-33, 72-53 եւ 98-77), այսպիսով 22-ի բարձրացնելով այս տարեշրջանին իր արձանագրած յաղթանակներուն ընդհանուր հաշիւը:
Եթէ նախորդ մրցումին` (Սաժեսի դէմ) դաշտ չներկայացաւ Տուայն Ճեքսըն, այս մրցումին հանգիստ ըրաւ Քեւին Կալուուէյ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆետի Խաթիպ (31 կէտ, ներառեալ 3 թրի փոյնթ), Աթեր Մաճոք եւ Տուայն Ճեքսըն նշանակեցին 15-ական կէտ, Սեւակ Քեթենճեան` 11 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), Հայկ Կէօքճեան` 5 կէտ, իսկ Տանիել Պաղտատեան` 2 կէտ:
Լուէյզիէն 26 կէտ նշանակեց Կերոն Ճոնսըն, մինչ Էլի Սթեֆան` 19:
Թէ՛ էսիսթներու, թէ՛ սթիլներու եւ թէ՛ ռիպաունտներու մէջ, ՀՄԸՄ ինք եղաւ տիրապետողը:
Նշենք, որ նոյն ժամուն տեղի ունեցած Պիպլոս – Սաժես մրցումը աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 72-63 արդիւնքով (16-19, 27-40, 49-58 եւ 63-72):
Մրցումին եւ Սաժեսի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Էֆիպրա (33 կէտ, ներառեալ` 6 ռիպաունտ եւ 12 ռիպաունտ), մինչ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյ Եանկպլատ (16 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Նշենք, որ այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:


