«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզին մաս կազմող Ճիմի Պաթլըր, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (102-90), հանդիսացաւ «թրիփըլ-տապըլ»-ի հեղինակ (19 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ):
Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս երեք կէտի տարբերութեամբ` 106-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն:
Նիքսէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 23 կէտ: