«Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, 28-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեանի շաբաթական աշխատավարձը կը կազմէ 180 հազար սթերլինկ:
Մանչեսթըր Եունայթըտի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը անգլիացի յարձակող Ուէյն Ռունին է, որ շաբաթական 300 հազար սթերլինկ կը ստանայ: Ֆրանսացի կիսապաշտպան Փոլ Փոկպան կը ստանայ շաբաթական 290 հազար սթերլինկ, շուէտացի յարձակող Զլաթան Իպրահիմովիչ` 220 հազար, իսկ սպանացի դարպասապահ Տաւիտ տէ Խէան` 200 հազար:



