Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Ռասինկ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի կէսօրուան ժամ 12:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: