Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի սուսերամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էմմա Պօղոսովա գրաւեց 5-րդ դիրքը, ինչ որ անկախ Հայաստանի սուսերամարտի պատմութեան մէջ լաւագոյն ձեռքբերումն է, յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան արձանագրելով 5 յաղթանակ, իրաւունք ստացաւ յառաջիկային իր մասնակցութիւնը բերելու ողիմպիականի համար պայքար մղելու մրցումներուն:



