Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, այս շաբաթավերջին` 8-9 ապրիլին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ «Օլ-Սթար»-ի շաբաթավերջ մը:
Տեղի պիտի ունենայ բոլոր աստղերուն միջեւ պասքեթպոլի մրցում մը, նախկին մարզիկներու եւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներու մրցում, աղջկանց պասքեթպոլի մրցում մը, ինչպէս նաեւ թրի փոյնթի, տանքի եւ այլ տեսակի մրցումներ:
Այս բոլորը տեղի պիտի ունենան առ ի զօրակցութիւն Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին, որ ամառը` օգոստոսին, պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը:
Ասկէ մեկնելով` ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բոլոր քարտերը, ի՛նչ տեսակի որ ալ ըլլան անոնք, այս երկու օրերուն ի զօրու չեն, բացի մարզական լրագրողներուն ունեցած քարտերէն:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ լիայոյս է, որ պասքեթպոլի բոլոր սիրահարները շաբաթավերջին Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիր մեկնելով, կը քաջալերեն առնուած այս կարեւոր քայլը եւ կը զօրակցին ազգային խումբին: