Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Ռիպաունտի Մը Պատճառով Ձախողեցաւ Այլ «Թրիփըլ-Տապըլ» Մը Իրագործել

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք մէկ ռիպաունտի պատճառով ձախողեցաւ այլ «թրիփըլ-տապըլ» մը իրագործել (45 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ): Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Շարլոթ Հոռնեթց - Մայեմի Հիթ 99-12 Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 102-105 Մեմֆիս Կրիզլիզ - Օքլահոմա Սիթի 100-103 Հիուսթըն Ռոքեթց - Տենվըր Նակեթց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Եւ Պիպլոս Յաղթական` Իրենց Դաշտերէն Դուրս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: ՀՄԸՄ, որ Ղազիրի դաշտին մէջ հիւրը եղաւ Սաժեսի, 68-67 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Նկատի ունենալով, որ Սաժես այս մրցումը պիտի կատարէր միայն երկու օտարականով (Մայք Էֆիպրա եւ Քալվին Կոտֆրի), իր կարգին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես մարզական ոգիով ընկալելով այդ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց ժողովի օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ տուաւ կարգ մը որոշումներ: Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնի անդամներ Համբիկ Միսաքեանի, Ուաէլ Շեհայեպի եւ Մուսա Մաքքէի անունները առաջադրուած են արաբական ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն (2017-2020): Նշենք, որ Համբիկ Միսաքեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած է իբրեւ աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ: Ֆետերասիոնը դատական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Այս Տարեշրջանին Որեւէ Խումբի Մաս Պիտի Չկազմեմ» Ըսաւ Ահմետ Իպրահիմ

Լիբանանեան «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբի եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Ահմետ Իպրահիմ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին մաս պիտի չկազմէ որեւէ ակումբի, հակառակ անոր որ շրջան կ՛ընեն տարբեր տեսակի տարաձայնութիւններ, ըստ որոնց ինք պիտի միանայ տեղական կազմերէն մէկուն: Խօսելով իր կախակայումին մասին` ան ըսաւ, որ այդ պատիժը կանխամտածուած էր նախկին ֆետերասիոնին կարգ մը անդամներուն...

Վոլիպոլ. Սփիտ Պոլ Շեքքա` Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի վոլիպոլի ախոյեանութեան աւարտականի չորրորդ ճակատումին, Սփիտ Պոլ Շեքքա 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Շեպիպէ Թաննուրինի վրայ եւ 3-1 արդիւնքով ընդհանուր յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ղազիրի դաշտին վրայ բաւական մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական խումբը, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանար ախոյեանութեան, իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթավերջին` կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումներուն արդիւնքները վաւերացուց ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը` երկուշաբթի օրուան իր հերթական նիստին: Ստորեւ կը ներկայացնենք պասքեթպոլի մրցումներուն արդիւնքները. 2001/2002 Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան - Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ 64 - 24 Մրցումի լաւագոյն մարզիկ` Ճօ Քարամինասեան...

Պարսելոնա Հրապարակեց Լիբանան Ուղարկելիք Իր Կազմը

Ինչպէս ծանօթ է, 28 ապրիլին Քամիլ Շամունի անուան մարզական համալիրին մէջ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ի մրցումը Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերան մարզիկներուն միջեւ: Թէեւ վերջին շրջանին Պարսելոնա քանի մը մարզիկի անուն միայն նշեց, բայց անիկա նախանցեալ օր վերջնականապէս յստակացուց Լիբանան ուղարկելիք իր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Անկոյ եւ Պայա: ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Զամպրոթթա, Ապիտալ Քութօ, Խուան Քարլոս, Կոյքոչէա, Պելլեթթի...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռասըլ Ուեսթպրուք Պատմութիւն Կերտեց

«Էն. Պի. Էյ.». Ռասըլ Ուեսթպրուք Պատմութիւն Կերտեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Ռասըլ Ուեսթպրուք Օքլահոմա Սիթի - Միլուոքի Պաքս մրցումին, որ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 110-79 արդիւնքով, Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ իրագործեց այս տարեշրջանի իր 41-րդ «թրիփըլ տապըլ»-ը (12 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ): Ան այսպիսով կրկնեց Օսքար Ռոպըրթսոնի հաստատած մրցանիշը, որ 1961-1962 տարեշրջանի 41 «թրիփըլ տապըլ»...

Յստակացաւ «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Իրաւարարը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 23 ապրիլին տեղի ունենալիք Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ» մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Խոսէ Հեռնանտես: Այս որոշումը այդքան ալ լաւ չընդունուեցաւ Պարսելոնայի ղեկավարութեան կողմէ` նկատի ունենալով, որ նոյնինքն Հեռնանտեսն էր, որ Ռէալ Պեթիս - Պարսելոնա մրցումին չեղեալ նկատեց Նէյմարի ակնյայտ կոլը:

Ախոյեան Չդառնալու Պարագային. Փերես Զիտանը Պիտի Փոխարինէ Վենկերով

Սպանական «ԱՍ» հանրածանօթ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆիորենթինա Փերես մտադիր է ակումբին այժմու մարզիչը` Զինետտին Զիտանը այս տարեշրջանի աւարտին փոխարինել այլ ֆրանսացիով մը` Արսէն Վենկերով, եթէ Զիտան չկարենայ Ռէալ Մատրիտը դարձնել Սպանիոյ ախոյեան: Զիտանի ձախողութեան պարագային, 67 տարեկան Վենկեր պիտի ըլլայ արքայական ակումբին նոր մարզիչը:

Յառաջիկայ Տարեշրջանին Մարզիչ Լուիս Էնրիքէ Դադար Պիտի Առնէ

Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ ամրան քաթալոնական ակումբէն հեռանալէ ետք դադար պիտի առնէ եւ 2017-2018 տարեշրջանին որեւէ խումբի մարզիչ պիտի չըլլայ: «Սքայ Սփորթս» հաղորդեց, որ ինք այլ ակումբներու մասին չի մտածեր ներկայիս, այլ կը զգայ, որ պարզապէս քիչ մը հանգիստի կարիք ունի: 46 տարեկան Էնրիքէ 2014-ին ստանձնեց Պարսելոնայի մարզիչի պաշտօնը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Թատամոն Եւ Շանվիլ` Յաղթական... Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր գիշերուան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի, Ղազիրի մէջ: Նոյն ժամուն, Լուէյզի Սանթրալի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Այս մրցումները կ՛իյնան Ա. խմբակին ծիրին մէջ: Մինչեւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն աւարտը, յաղթանակներն ու պարտութիւնները կ՛աւելնան դասաւորման մէջ, սակայն «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն սկսումով կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Բ. Հանգրուանի Մրցումներուն Նոր Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն նոր յայտագիրը, որ պիտի կիրարկուի երթուդարձի դրութեամբ: Վեց խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ռիատի Պէյրութ, Անդրանիկ Պէյրութ եւ Հուփս: Բ. ԽՄԲԱԿ.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Շեպիպէ եւ Թատամոն: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. ԵՐԹ     ԺԱՄ ԴԱՇՏ Չորեքշաբթի, 5 ապրիլ`              Ռիատի - Հուփս 20:30 Մանարա Ուրբաթ, 7 ապրիլ` ՀՄԸՄ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ 94-րդ Վայրկեանին Փենալթիով Նշանակեց Իր Հաւասարութեան Կոլը

Հենրիխ Մխիթարեան երէկուան մրցումին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 4 ճակատումներ` 31-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Կը կարծուէր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ պարտութիւն մը պիտի կրէ իր հիւրէն` Էվըրթընէն, նկատի ունենալով, որ մինչեւ 94-րդ վայրկեանը «Կարմիր սատանաները» 1-0 արդիւնքով կը պարտուէին: Սակայն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, օրուան իրաւարարը ի նպաստ Մանչեսթըրի սուլեց փենալթի մը, իսկ կարմիր քարտ մը տուաւ...

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ-ի Երեք Մասնաճիւղերու Խումբերն Ալ Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Մասնակցութեամբ 35 ակումբներու, որոնք բաժնուած են 8 խմբակի, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը: 3-րդ խմբակէն իր տոմսը ապահովեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, 4-րդ խմբակէն` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, իսկ 8-րդ խմբակէն` ՀՄԸՄ Ժունիէ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաջորդաբար յաղթեց Շարիթիէ Զուքի, Ուխուուա Հատասի եւ...

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Բանակում Մը Պիտի Կատարէ Փորթուգալի Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յատուկ հրաւէր մը ստացած է Փորթուգալի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն, որպէսզի Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ յուլիսին Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը: Նախքան այս մրցաշարքը, Լիբանան այդտեղ պիտի կատարէ յատուկ բանակում մը, որուն ընթացքին պիտի կատարէ 3-4 մրցում եւրոպական խումբերու դէմ` պատրաստուելու համար Ասիա-2017-ի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ: Նշուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ տասը...

Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտչեան Միացաւ Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականը այս շաբաթասկիզբին Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ իր ուսումնամարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար 11 ապրիլին Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան: Մկրտչեանէն բացի, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն նաեւ կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, միջազգային վարպետ Լիլիթ Գալոյեան, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ վարպետ մը` Մարիա Գէորգեան: Աղջկանց այս հաւաքը կ՛աւարտի 8 ապրիլին:

Ծանրաբարձութիւն. Իզապելլա Եայլեան Չկրցաւ Տպաւորիչ Արդիւնք Արձանագրել

Խրուաթիոյ Սփլիթ քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջինը իր ելոյթներուն սկսաւ աղջկանց 58 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Իզապելլա Եայլեան, որ չկրցաւ տպաւորիչ արդիւնք արձանագրել: Ան արձանագրելով 106 քկ եւ 0 արդիւնք մը (չկարենալով բարձրացնել 87 քկ), ախոյեանութիւնը աւարտեց ձեռնունայն: Այս դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը` Նաթալիա Խլիոսթքինա (95 + 119): Ցարդ իրենց մրցումներուն չեն սկսած...

Եանա Եգորեան Սէուլի Մեծ Մրցանակի Յաղթող

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն կրկնակի ախոյեան Եանա Եգորեան տիրացաւ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ տեղի ունեցած մեծ մրցանակի յաղթողի կոչումին: Ռուսիան ներկայացնող Եգորեան Թրամարտի աւարտականին պարտութեան մատնեց հունգարացի իր մրցակիցը` Աննա Մարթոնին, 15-12 արդիւնքով: Նախորդ դեկտեմբերին այլ մրցաշարքի մը ընթացքին աւարտականին Եգորեան դարձեալ յաղթած էր իր նոյն մրցակիցին:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Նախագահը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Ալեքսանտեր Սաֆարին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 12 ապրիլին Հայաստան միօրեայ այցելութիւն պիտի տայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի սլովենիացի նախագահ Ալեքսանտեր Զեֆերին: Անոր այս այցելութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:

Page 990 of 1277 1 … 989 990 991 … 1,277

Արխիւներ