Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ նախորդ տարեշրջանին իր եկամուտը կազմեց 4,58 միլիառ եւրօ:
Անիկա ամէնէն շատ իր եկամուտը ստացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումներուն ուղղակիօրէն պատկերասփռումներուն վաճառքէն` 1,65 միլիառ եւրօ: Իսկ տոմսերուն վաճառքէն անիկա ստացաւ 286,5 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի նաեւ, որ ծանուցումներու վաճառքէն անիկա գանձեց 928 միլիոն եւրօ: