Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Սոնա Պօղոսեան, որ 75 քկ դասակարգին մէջ ընդամէնը արձանագրեց 227 քկ արդիւնք մը (101 + 126):
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ, սպանացի Լիտիա Վալենթին, որ արձանագրեց 252 քկ արդիւնք մը (115+137):
Այլ գետնի վրայ, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն արմուկէն ծանր վնասուածք ստանալէ եւ ապաքինելէ ետք, Անդրանիկ Կարապետեան վերադարձաւ եւ մասնակցեցաւ այս ախոյեանութեան:
85 քկ դասակարգին մէջ, ան բարձրացնելով 325 քկ (160+165), Բ. խմբակին մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը: