Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Թատամոնը (Բ. խմբակ), «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ներկայ ըլլալ այս մրցումին` քաջալերելու համար իրենց ախոյեան խումբը, իսկ մարզիկներէն` լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկելով յաղթանակ մը արձանագրել: