ՖԻՖԱ-ի կողմէ այսօր հրապարակուելիք աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 18 դիրքի ոստում մը պիտի արձանագրէ, կը յայտնէ Football-rankings.info կայքը:
Ղազախստանին յաղթելուն պատճառով, Հայաստան իր կէտերուն թիւը 113-ով աւելցնելով պիտի բարձրանայ 67-րդ դիրք:
Այսպիսով, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, Արթուր Պետրոսեանի կազմը յառաջացած է 58 դիրքով` 125-էն հասնելով 67-ի:
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 7 տարուան սպասումէ մը ետք պիտի գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր ետին ձգելով Արժանթինը եւ Գերմանիան: