Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին,տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցող մրցումները կը կատարուին չէզոք դաշտերու վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, Ռաուտայի եւ Ֆանարի ակումբներէն, ինչպէս նաեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի փոխադրեն Ռիատիի դաշտը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ռիատիի դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը: