
Հայաստանի ճատրակի վեթերաններու հաւաքականը (50 տարեկան եւ վեր) հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 18 կէտ ապահովելով տիտղոսակիր հանդիսացաւ Ս. Փեթերսպուրկի խումբը:
Հայաստանի հաւաքականը, որուն հետ ելոյթ ունեցան Ռաֆայէլ Վահանեան, Արտաշէս Մինասեան, Նորայր Քալանթարեան, Սերկէյ Գալդունց եւ Կարէն Մովսիսեան 15 կէտով հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Անգլիա` 14 կէտով, յայտնեց chess.am կայքը:
Ռաֆայէլ Վահանեան` Արտաշէս Մինասեան եւ Սերկէյ Գալտունց իրենց խաղատախտակներուն վրայ տիրացան արծաթ մետալի: