
Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի առաջին ճակատումը, երբ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ, աւելի քան 77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Ռէալ Մատրիտի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ հեթրիք մը իրագործեց (10-րդ, 73-րդ եւ 86-րդ):
Օրուան իրաւարարն էր անգլիացի Մարթին Էթքինսոն:
Ըստ թուաբանական հաշիւներու, Ռէալ Մատրիտ դարձի մրցումին մէկ դժուարութիւն պիտի ունենայ ապահովելու աւարտականի իր տոմսը:
Այսօր, ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, Մոնաքօ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը: