«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:05-ին (ՊԷյրութի ժամանակացոյցով), Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրը պիտի ըլլայ Սելթա Վիկոյին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած է, այսօր կրնայ եւրոպական մրցանիշ մը հաստատել եւ բնականաբար պատմութիւն կերտել, եթէ կոլ նշանակէ սպանական ակումբին բերդին մէջ:
Կոլ նշանակելու պարագային, Մխիթարեան պիտի դառնայ առաջին ֆութպոլիստը, որ եւրոպական մրցաշարքերուն գծով յաջորդաբար հինգերորդ մրցումն ըլլալով կոլ կը նշանակէ օտար դաշտի վրայ:
Այսպիսով, Մխիթարեան պիտի գերազանցէ Ուէյն Ռունիի, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Տըրք Քայթի մրցանիշները: Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էքսփրես»: