Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանէն երեք մարզիկներ` Վիգէն Տեմիրճեան, Աւօ Մանճեան եւ Քրիսթոֆըր Ժեմայել, Հայաստանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուու Շուի միջազգային մրցաշարքի մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Անոնց կ՛ընկերանար Ուու շուի միջազգային մրցումներու հսկող, իրաւարար եւ մարզիչ Աւետիս Սերոբեան:
Լիբանանցի մարզիկները, մասնակցելով 6 տարբեր տեսակի մրցումներու, արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Տեմիրճեան տիրացաւ 2 ոսկի մետալի, Մանճեան` 1 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի, իսկ Ժեմայել` դարձեալ 1 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան Իրանէն, Ղազախստանէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Արցախէն եւ Հնդկաստանէն բազմաթիւ մարզիկներ: