Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի կրնատմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան Պատենի խումբին հետ դարձան Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբներու ախոյեան:
16 ակումբներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Պատեն արձանագրելով 15 յաղթանակ եւ ապահովելով 30 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը:
Հրանդ Մելքումեան Պերլինի խումբին հետ գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Յայտնենք, որ «Պունտըսլիկա»-ն սկսաւ հոկտեմբեր 2016-ին:



