Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն առաջին երեք ճակատումներուն յայտագիրը:
Ուրբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մանարայի մէջ Ռիատի կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Անոնց միջեւ երկորրդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 մայիսին երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ժիպէյլի մէջ:
ՀՄԸՄ-Մութահետ առաջին ճակատումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Երէկ յստակացաւ, թէ ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն մասնակցող խումբերը ո՛ր օտարականներով պիտի շարունակեն ախոյեանութիւնը` նկատի ունենալով, որ մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը ոչ մէկ խումբ կրնայ իր օտարականները փոխել:
Ստորեւ` այդ օտարականներուն անուանացանկը.
ՀՄԸՄ.- Քեւին Կալոուէյ, Տուայն Ճեքսըն եւ Աթեր Մաճոք:
ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ.- Ռամել Քարի, Տուարիք Սփենսըր եւ Քլիվլենտ Մալվին:
ՊԻՊԼՈՍ.- Ճէյ Եանկպլատ, Քլէյ Թաքըր եւ Ալի Թրաորէ:
ՌԻԱՏԻ.- Էտկար Սոսա, Պրանքօ Սվեթքովիչ եւ Ալատէ Ամինու: