Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 24 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 2016-2017 տարերջանի աւարտականի ճակատումը` Փիւնիկ Երեւանի եւ Շիրակ Գիւմրիի միջեւ:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 10 մայիսին, սակայն նկատի ունենալով, որ երկու կազմերէն ընդգրկուած են ֆութպոլիստներ, որոնք Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ պիտի մասնակցին 9-11 մայիսին Կիպրոսի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումներուն որոշուեցաւ զայն յետաձգել:



