Սերպիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան երկրորդ օրը` երէկ, մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 2 ներկայացուցիչներ Նարեկ Սիրունեան (65 քկ) եւ Գէորգի Կեթոյեւ (97 քկ.):
Նարեկ Սիրունեան, որ իր պայքարը սկսաւ զտումի մրցաշարքէն, 11-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գերմանացի Ալեքսանտր Սեմիսորովէն:
Իր կարգին, Գէորգի Կեթոյեւ սկսաւ զտումի մրցաշարքէն եւ 10-0 արդիւնքով յաղթեց պելճիքացի Թարիք Ազուցիի: Սակայն 1-16-րդ հանգրուանին ան պարտուեցաւ ազրպէյճանցի Ասլանբեկ Ալբորովէն (11-1):
Նկատի ունենալով, որ գերմանացի եւ ազրպէյճանցի ըմբիշները չկրցան հասնիլ աւարտական, Հայաստանի ներկայացուցիչները զրկուեցան պրոնզէ մետալին համար պայքարելու առիթէն: