Արսենալ Սարանթիի դէմ տեղի ունեցած Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումէն առաջ, Պոքա Ժունիորզ յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Երկուշաբթի, 1 մայիսին, Պոքա Ժունիորզի մարզիկները բռնած էին մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր, «Եկէ՛ք, բոլորս յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Նշենք, որ նախապէս այլ առիթով Պոքա Ժունիորզ նոյնպէս առած էր այսպիսի քայլ մը:
Իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (3-0), Պոքա Ժունիորզ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 48 կէտ:
Նշենք, որ այս մրցումին Արսենալ Սարանդիի կազմէն դաշտ չներկայացաւ ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան: