
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆ-ի կիսաւարտականի մրցումները:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` 116-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:
Անոր նման տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին անոր խմբակիցները` Թրիսթան Թոմսըն (11 կէտ, 14 ռիպաունտ) եւ Քիրի Ըրվինկ (24 կէտ եւ 10 էսիսթ): Իսկ Ռեփթըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց քայլ Լոըրի (20 կէտ 11 էսիսթ):
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Հիուսթըն Ռոքեթցէն` 126-99 արդիւնքով:
Ճէյմս Հարտեն (Սփըրզ) իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (20 կէտ, 14 էսիսթ):
Այս երկու մրցումներուն տապըլ-տապըլ իրագործողներուն թիւը եղաւ շատ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պոսթըն Սելթիքս-Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ (Արեւելեան շրջան)
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ (Արեւմտեան շրջան)