Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ երէկ սկսած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 2 ներկայացուցիչները` Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ) եւ Վահէ Թամրազեան (86 քկ), որոնք իրենց պայքարը սկսան 1-16-րդ հանգրուանէն:
Վահէ Թամրազեան իր կատարած առաջին ճակատումին 10-2 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլը ներկայացնող Ռատչենքօ Միհալչենքոյին, մինչ Գարիկ Բարսեղեան պարտուեցաւ իր թուրք մրցակիցէն` Սիւլէյման Աթըէն` 8-1 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականին, Թամրազեան 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ազրպէյճանցի Ալեքսանտր Քոսթիեւէն: Եթէ պատահի, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յաղթած մարզիկները հասնին աւարտական հանգրուան, հայ ըմբիշները իրաւունք կը ստանան պայքարելու պրոնզ մետալին համար:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի կազմին հետ, Եւրոպայի ախոյեանութեան մեկնած են նաեւ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան (61 քկ), Նարեկ Սիրունեան (65 քկ), Վալտեր Մարգարեան (70 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ), Գէորգի Կետոյեւ (97 քկ) եւ Լեւան Բերիանիցէ (125 քկ):